Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Յունիս 2022, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Տան Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի տնօրէնը, վարչութեան եւ տիկնանց կազմի անդամները, առաջնորդութեամբ Արի Չօլաքի։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Հիւրերը յայտնեցին, թէ, Կազդուրման Կայանը թագաժահրի համավարակի պատճառաւ երկու ամառ փակ մնացած էր։ Այսօր,նկատելով որ պայմանները թոյլատու են, համայնքիս երկսեռ մանուկներուն ամրան արձակուրդ վայելել տալու համար, Կայանը այս ամառ եւս պիտի բանայ իր դռները։ Վարիչներ յայտնեցին, թէ յառաջիկայ 26 Յունիսին Կայանը պիտի բանայ իր դռները։
Խորհրդակցութեան միջոցին նիւթ դարձաւ Կայանի պիւտճէն, որ կը հաւասարակշռուի համայնքի անդամներու լումաներով։ Այս անգամ բացառապէս խնդրեցին մեր Հոգեւոր Պետէն, որ բարեխօս ըլլայ համայնքային հաստատութեանց մօտ, որ գէթ մինչեւ ի նպաստ Կայանի սարքելի սիրոյ սեղանը, իրենց աջակցութիւնը բերեն ողջ համայնքի կազդուրման կարօտ մանուկներուն համար գործող բարեսիրական այս հաստատութեան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած փափաքին եւ շեշտեց մեր մանուկներուն ի նպաստ կատարելի գործունէութեանց կարեւորութիւնը, ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun