İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ՄԷՋ

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը նշուեցաւ 13 Յունիս 2022, Երկուշաբթի առաւօտ։ Արարողութեանց նախագահեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։

Արարողութեանց մասնակցեցան Աթոռոյս միաբան հայրերը եւ քահանայից դասը, ինչպէս նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Գարայեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Բրշ. Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեան, Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Բրկ. Կարապետ Կսրկ. Եօնթան եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին հոգեւոր հայրեր եւ Աթոռոյս Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամները, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Ձեռնադրութիւն

Ի ժամ Ս. Պատարագի, Պատրիարքական Աթոռոյ երկու ժառանգաւոր սաներ՝ Բրկ. Արտա Կսրկ. Փնարճը եւ Բրկ. Գրիգոր Էրքան Կսրկ. Կարապետեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ սարկաւագ ձեռնադրուեցան։

Ճաշու գիրքերու ընթերցումէն անմիջապէս առաջ, նուիրեալներ Արժ. Տ. Գրիգոր եւ Արժ. Տ. Կորիւն աւագ քահանաներու կողմէ սաղմոսասացութեամբ բեմ առաջնորդուեցան եւ ներկայացուեցան Նորին Ամենապատուութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետին կատարած կոչումէն ետք, զոյգ ընծայացուները կարդացին իրենց ուխտագիրները։ Ապա արեւմուտք դառնալով, «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» երգով հրաժարեցան աշխարհէն, որուն ներկաներ պատասխանեցին իրենց «Արժանի են»ներով։

Նորին Ամենապատուութիւնը երկու տիրացուներուն բազկուրարը ուրարի փոխելով դրաւ իրենց ուսերուն վրայ, ապա իրենց տուաւ Ս. Աւետարան կարդալու եւ Ս. Պատարագին սպասարկելու իշխանութիւն։

Նորընծայ Արտա եւ Գրիգոր սարկաւագներու Ս. Սեղանն ու մեր Հոգեւոր Պետին կատարած խնկարկութեամբ իր աւարտին հասաւ ձեռնադրութեան հանդիսութիւնը։

Ապա շարունակուեցաւ Ս. Պատարագի արարողութիւնը։

Քարոզ

Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ անդրադարձաւ գեղեցկութեան ու հաւատքի գաղափարներուն։, որոնք անմիջական կապ ունէին օրուան տօնին հետ։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ գեղեցկութիւնը մարդակային կեանքի բարձրագոյն արժէքներէն է։ Գեղեցկութիւնն ալ մշտական եւ անխզելի կապ ունի բարիին ու ճշմարտութեան հետ։ Եւ եթէ մարդ տեսնէ ու հասկնայ Աստուածային գեղեցկութիւնը, կ’ուզէ իր կեանքը նուիրաբերել այդ գեղեցկութեան հասնելու սիրոյն։ Գեղեցիկ աղջիկ մըն էր Հռիփսիմէ, որ իր կեանքի նուիրաբերեց Քրիստոսի սիրոյն։ Նորին Ամենապատուութիւնը պատմեց Ս. Հռիփսիմէի եւ ընկերուհիներուն  կեանքն ու վարքը։ Անոնք իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին, նահատակուեցան։

Մեր Հոգեւոր Պետը ապա անդրադարձաւ երկու ընծայեալներու, Աթոռոյս երկու ժառանգաւոր սաներուն, որոնք սարկաւագ ձեռնադրուեցան։ Անոնք սիրայօժար ու գիտակցութեամբ փափաքեցան եւ ուխտեցին իրենց Տիրոջ ճամբէն քալել ու իրենց կեանքը նուիրաբերել իրենց Արարչին։ Անոնք ի մօտոյ պիտի ձեռնադրուին եւ ամբողջութեամբ նուիրուին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ելած են երկու երիտասարդ ոյժեր եւ ներկաները հրաւիրեց իրենց համար եւս աղօթելու։

Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան տօնին առթիւ շնորհաւորեց Պիւյիւքտէրէի այս գողտրիկ ու հայաթափուած Եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողները։

Հոգեհանգիստ եւ մատաղօրհնութիւն

Հուսկ՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ պաշտօն Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ հանգուցեալ հովիւներու, երախտաւորներու, վարիչներու, հաւատացեալներու եւ բարերարներու հոգւոցն ի հանգիստ եւ մատաղի օրհնութիւն։

Սիրոյ սեղան

Եկեղեցական հանդիսութեան աւարտին, Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այստեղ նոր ձեռնադրուած երկու սարկաւագներ ուղերձներ կարդալով նախ փառք տուին Աստուծոյ, որ զիրենք սարկաւագութեան աստիճանին արժանացուց, ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր, հոգեւորականներուն եւ իրենց ընտանիքներուն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın