Էյիւպի Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը նշուեցաւ 12 Յունիս 2022, Կիրակի առաւօտ։ Արարողութեանց նախագահեց եւ քարոզեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեան, Բրկ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու եւ դպիրներ։ Ներկայ էր հիւրաբար քաղաքս գտնուող Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Գարայեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Գողթան Դաս Դաս Երգչախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ Բրկ. Յովսէփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Ս. Եղիայի դերին ու հոգիին։ Ան, Եղիա Մարգարէի օրէն մեր այսօրուան կեանքին անցնելով, բացատրեց թէ ինչու այսօր Եղիա մարգարէներու պէտք ունինք։
Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան տօնին առթիւ շնորհաւորեց այս գողտրիկ ու հայաթափուած Եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողները։
Հուսկ՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ պաշտօն Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ հանգուցեալ երախտաւորներու, վարիչներու, հաւատացեալներու եւ բարերարներու հոգւոցն ի հանգիստ եւ մատաղի օրհնութիւն։
Եկեղեցական հանդիսութեան աւարտին, սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Քարոզի համար՝
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun