İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԼԱՆՋԱԽԱՉ ՇՆՈՐՀԵՑ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, 12 Յունիս 2022, Կիրակի, Վեհարանի մէջ ընդունեց Պատրիարքական Աթոռոյս նորընծայ վարդապետը Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որ Մայր Աթոռի Արտաքին Յարաբերութիւններու եւ Արարողակարգի Բաժնի Տնօրէն Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննէսեանի ձեռամբ 11 Յունիսին Օշականի Ս. Մեսրոպ  Մաշտոց Եկեղեցւոյ մէջ արժանացած էր մասնաւոր վարդապետութեան աստիճանի։

Նաթան Արեքպիսկոպոս, նորընծայ վարդապետը ներկայացուց Նորին Սրբութեան եւ այս առիթով հայցեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը, իր հայրական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը բերելով Հայր Սուրբին աւարտաճառի պաշտպանութեան եւ վարդապետական աստիճանի արժանանալու առիթները, վստահութիւն յայտնեց, որ նորընծայ վարդապետը առաւել ջերմեռանդութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայր Սուրբին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռէ ներս ունեցած ծառայութեան եւ մաղթեց որ Պոլիս վերադարձին իր ներդրումը բերէ Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեանց։ Այս առթիւ իր շնորհաւորանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց նաեւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, Հայր Սուրբի ծնողաց, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ Ժողովուրդին։

Յարութիւն Վարդապետը եւս երախտագիտական խօսք մը արտասանեց եւ Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց իր հայրական հոգածութեան համար։ Յիշեցուց, թէ՝ ամիսներ առաջ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր դիմումով եւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ ու համամտութեամբ, հաստատուած էր Մայր Աթոռ իր ուսումնասիրութիւնը կատարելու համար։ Այս մէկը առիթ եղած էր Մայր Աթոռոյ միաբանական կեանքին մաս կազմելու եւ օր ըստ օրէ զգալու, թէ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, որպէս գործօն կառոյց կը ծառայէ ի սփիւռս աշխարհի հայ ժողովուրդին։ Այս շրջագիծով կեցութեան օրերը օրհնեալ պահերու վերածուած էին, ըստ որում Հայր Սուրբը Պոլիս վերադարձին իր հետ վարդապետական կոչումին առընթեր պիտի փոխադրէր նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի շունչը, ինչպէս նաեւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին սէրն ու օրհնութիւնը Պոլսահայ համայնքին։  

Հանդիպման աւարտին, Նորին Սրբութիւնը վարդապետական ականակուռ լանջախաչով զարդարեց Յարութիւն Վարդապետի կուրծքը, եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զինքը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın