Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի, 11 Յունիս 2022, Շաբաթ, ժամը 11.30-ին, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Մայր ԱթոռիԱրտաքին Յարաբերութիւններու եւ Արարողակարգի Բաժնի Տնօրէն Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննէսեանի կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի վարդապետական աստիճանի մասնաւոր իշխանութեան տուուչութիւնը, խարտաւիլակութեամբ՝ Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի։
Արարողութեանց ներկայ էին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապաեան, Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, միաբան հայրեր, սարկաւագներ եւ ուխտաւորներ։ Ներկաներու կարգին էին նաեւ ուխտաւոր Պոլսեցիներ։Արարողութիւնը խորհրդաւոր զուգադիպութեան մը եւս առիթ եղաւ, որով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցիայցելու տասնեակ աշակերտներ եւս հետեւեցան արարողութեան։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ, Տէրունական Աղօթքով, զոր արտասանուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ ներկայգտնուող մանուկներու կողմէ։ Յընթացս արարողութեան, Հայր Սուրբը, նախ նզովեց ՔրիստոնէականՈւղղափառ վարդապետութեան անհարիր ուսուցումներով հերետիկոս հռչակուածները։ Ապա, աշակերտելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ եռամեծար վարդապետներուն, ընթերցելով նաեւ ուղղափառ վարդապետութեան դաւանանքը։ Առ այդ, Նաթան Արքեպիսկոպոս, Հայր Սուրբին շնորհեց վարդապետական գաւազան գործածելու իշխանութիւն եւ արարողութեանաւարտին «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորապսակ Յարութիւն Վարդապետը։
Սրբազան Հայրը նաեւ քարոզեց, անդրադառնալով օրուայ խորհուրդին եւ ըսաւ. «Այսօր կը հրճուիհոգին մեծ վարդապետ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, որուն գերեզմանին մօտ, անգամ մը եւսվարդապետ մը ծնաւ մեր եկեղեցւոյ մէջ։ Վարդապետ՝ որ այսօրուան խօսքով կարող ենքթարգմանել ուսուցիչ եւ այսօր Դուք ստացաք իշխանութիւն ուսուցանելու եւ խրատելու։ Մենք այսօրայստեղ հաւաքուած հոգեւոր եղբայրներ, հոգեւոր խրախճանքի մէջ ենք։ Եւ մեր աղօթքն է, որ Տէրըմշտապէս Ձեր վարդապետական գաւազանը ամուր պահէ եւ մեր նախնեաց վարդապետաց ուղինմշտապէս լուսաւորէ ձեր ընթացքը եւ վարդապետութեան ճանապարհը»։
Իր խօսքերու ընթացքին, եկեղեցւոյ մէջի մանուկներու ներկայութեամբ պարզուած գեղեցիկտեսարանին եւս անդրադառնալով, Սրբազան Հայրը ըսաւ որ, այս մանուկներու ներկայութիւնըկարծէք պատգամ մը կը փոխանցէր նորընծայ վարդապետին։ Գնացէ՛ք եւ պահպանեցէ՛քքրիստոնէական հաւատքը հայուն եւ յիշեցէ՛ք թէ՝ այսքան հայու զաւակ Քրիստոսի խօսքին կարօտնունին եւ պէտք է մեծնան այդ խօսքով։
Սրբազան Հայրը յաջորդիւ յիշեցուց, թէ՝ Հայր Սուրբը անդամն է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյմիաբանութեան եւ այս առումով նաեւ խրատներ տուաւ։ Յայտնեց, թէ՝ Հայր Սուրբը պիտի երթայՊոլսոյ հաւատացեալներուն քարոզելու եւ զանոնք մխիթարելու։ Պոլսոյ մէջի ծառայութիւնն ուառաքելութիւնը անհրաժեշտ եւ կենաց առաքելութիւն որակելով, յայտնեց, թէ՝ անցեալիբաղդատմամբ աւելի սակաւաթիւ դարձած են հաւատացեալ անձերը։ Սակայն այս բոլորին մէջ, հոգեպէս մխիթարելու պարտականութիւնը կը յանձնուի վարդապետական իշխանութեամբ։ Այսառթիւ, իր շնորհաւորանքը յայտնեց նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, ներկայ հոգեւորականներ ու ուխտաւորներշնորհաւորեցին Հայր Սուրբը։ Իսկ, յաջորդիւ, Հայր Սուրբը, իջաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանըուր կատարեց, որպէս վարդապետ իր անդրանիկ ուխտի աղօթքը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun