İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՒ ԽԱԺԱԿ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Նախապէս ստացուած ժամադրութեան համաձայն Արտաքին Գործոց Նախարար Մեվլիւթ Չավուշօղլու Նախարարութեան պաշտօնարանին մէջ, 9 Յունիս 2022, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին ընդունեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նախարարութեան Արտաքին քաղաքականութեան Խորհրդակցական Մարմնի անդամ՝ Աւագ Դեսպան Մուրատ Սալիմ Էսէնլի եւ  նախարարութեան Հետազօտութեան եւ Ապահովութեան Գործոց Ընդհանուր Տնօրէն՝ Աւագ Դեսպան Նեվզատ Ույանըք։

Մեծայարգ Նախարարը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ արտայայտուեցաւ Թուրք եւ Հայ յարաբերութեանց մասին, ընդգծելով թէ փափաքող էր որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ստանային բնականոն վիճակ։ Այս առումով շեշտեց, թէ այդ ուղղութեամբ կրօնաւորներ յաճախ քաղաքագէտներէն աւելի կ՚ազդէին  հանրային կարծիքին վրայ, երբ աշխատանքներ կը տարուին երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան համար։

Նախարարը հետաքրքրուեցաւ համայնքային ընտրութեանց հարցով եւ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ կանոնագրութիւնը հասած է վերջին փուլին եւ յոյսով է որ ի մօտոյ կը հրապարակուի։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Խաժակ Սրբազան մեծայարգ նախարարին տեղեկացուցին թէ Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առթիւ, թէ Հռովմի մէջ եւ թէ այլ տեղեր Հայեր ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն նշելու համար մեծանուն սուրբ հայրապետի յիշատակն ու ի մասնաւորի վաստակը։ Այս առթիւ յիշեցուցին, թէ կը մտածուէր  ուխտագնացութիւններ կազմակերպել դէպի Հռոմկլայ եւ անոր մերձակայ վայրերը, որոնք սերտօրէն առընչուած են սուրբի վարքին հետ։ Մեծայարգ Նախարարը մեծապէս գոհ մնաց տրուած այս բացատրութիւններէն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ի պահանջել հարկին օգնելու։

Բաց աստի հետաքրքրուեցաւ նաեւ գաւառի մէջ վերանորոգուած եկեղեցիներու վիճակով եւ խոստացաւ Ստանպուլ գտնուած օրերուն յարմար ժամանակի մէջ Պատրիարքարան այցելել։

Սրբազան Հայրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առին։ Յետ ընդունելութեան Հիւրասիրուեցան Աւագ Դեսպան Մուրատ Սալիմ Էսէնլիի բնակարանին մէջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Խաժակ Սրբազան Հայրը այս երեկոյ կը վերադառնան քաղաքս։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın