Անտիոքի եկեղեցեաց Հովիւ եւ Գաւառի Համայնքներու Հոգեւոր Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան յինանց շրջանին ընկերակցութեամբ Բրկ. Եուսուֆ Ուրարակիր Դպիր Թապաշեանի հովուական այցելութիւն տուաւ Սիվասի Հայ համայնքին։
Տէր Հայրը 2 Յունիս 2022, Հինգշաբթի առաւօտ, ցամաքի ճամբով Անտիոքէն մեկնեցաւ Սիվաս։
Նախ այցելութիւն տրուեցաւ քաղաքի Հայոց Գերեզմանատան, ուր համայնքի անդամներէն ոմանք համախմբուեցան եւ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Սիվասցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Ժամը 20.00-ին, Տէր եւ Տիկին Շահին-Հերիքա Քոչաք ամոլի բնակարանին մէջ մատուցուեցաւ առտնին Ս. Պատարագ։ Տէր Հայրը Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր ողջոյնները փոխանցելէ յետոյ Ս. Յարութեան եւ անոր յաջորդող տօնական օրերու իմաստին մասին խրատական մը խօսեցաւ, ընդգծելով՝ Ս. Պատարագի մասնակցելու, Ս. Հաղորդութիւն ստանալու եւ Ս. Գրքի ընթերցման կարեւորութիւնը հաւատքի զօրացման համար։ Արարողութեանց աւարտին ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։
Տէր Հայրը հովուական այցելութեան ընթացքին այցելեց քաղաքի տարեց երեք մայրիկներուն, որոնցմէ երկուքին Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց, նկատելով որ անոնք կարող չէին տունէն դուրս գալու եւ մասնակցելու Ս. Պատարագին։
Սեբաստիա կեցութեան ընթացքին Տէր Հայրը այցելեց քաղաքի «Կէօքմէտրէսէ» թաղին մէջ գտնուած Ս. Վլաս Հայրապետի գերեզմանին վայրը, որ է պատմական «Կէօքմէտրէսէ»ի դէմը։ Նաեւ՝ Ս. Քառասնից Մանկանց մարտիրոսացած Սառ Լիճը կը գտնուէր «Քըրքլար Փնարը» կոչուած վայրը։ Տէր Հայրը բարեխօսութիւնը խնդրեց Ս. Վլաս Հայրապետի եւ Ս. Քառասնից Մանկանց։
Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայ Հայրը եւ Բրկ. Ուրարակիր Եուսուֆ Թապաշեան Ուրբաթ օր ցամաքի ճամբով վերադարձան Անտիոք։ Այցելութեանց ընթացքին Սեբաստիոյ անդամները մեծապէս ուրախ էին, կատարուած արարողութեանց մասնակցած ըլլալով։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռին ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեցին Տէր Հօր եւ իր եղբօր, որոնք երկար ճանապարհորդութիւնը յանձն առնելով սիրով այցելած էին իրենց քաղաքը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun