İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄԸ ՊԱԳՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Ֆէրիգիւղի Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ աշակերտներու հետ մէկտեղումէն յետոյ, 3 Յունիս, Ուրբաթ, ժամը 17.00-ին այս անգամ Պագրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ Գալֆաեան, Սահակեան, Պէզճեան, Տատեան, Լեւոն Վարդուհեան, Եշիլգիւղի եւ Անարատ Յղութիւն վարժարաններու ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք եւս այս կիրակի պիտի մասնակցին ԼԿՍ-ի (Լիսէներու Մտից Քննութիւն) քննութեան։ Աշակերտներու խումբերը կը գլխաւորէին վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցիչները։

Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ կատարուած արարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ քահանայ հայրեր ու սարկաւագներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ, ղեկավարութեամոբ Սերճան Կազերօղլուի։

Երգեցողութեան աւարտին, ինչպէս նախորդ մէկտեղումին, Նորին Ամենապատուութիւնը, մի առ մի նշելով վարժարաններու անունները, ողջունեց ներկայ աշակերտներու մասնակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեան համար։ Մեր հոգեւոր պետը աշակերտներուն յիշեցուց, թէ յաջողութիւն ձեռք ձգելու նախապայմանն էր աշխատանքը եւ թելադրեց, որ ըլլան ընթերցասէր, քանի որ գրադարանները կը յիշեցնեն, թէ մարդիկ կարիքը ունին միշտ աշակերտ մնալու, որուն արդիւնքն է մտքով զարգացումը, որ նոյնքան կարեւոր է, որքան ֆիզիքական զարգացումը։ Այս աշակերտներու խումբին եւս բաժնուեցան պատրաստուած աղօթքի քարթերը, որուն վրայ կար Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ժողովրդականացած երկու աղօթքները, մին՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս», իսկ միւսը՝ «Պահապան ամենայնի»ն։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, թէ շապիկի մը առաջին կոճակի ուղիղ կոճկուելուն կապուած է միւս կոճակներու ուղիղ կոճկուիլը։ Այս օրինակը տալէ յետոյ թելադրեց որ աղօթքը ընկալեն որպէս առաջին քայլ։ Ընդգծեց, թէ աշակերտներու յաջողութիւնը միայն իրենց անձնական յաջողութիւնը չէր, այլ յաջողութիւնները կը պատկանէին նաեւ անձերու, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են անոնց զարգացման համար։ Հետեւաբար թելադրեց աղօթել նաեւ իրենց ծնողներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, թաղային խորհուրդի կամ խնամակալութիւններու անդամներուն ինչպէս նաեւ Սահակ Պատրիարքին համար։

Աշակերտներուն ուղղած խրատներուն մէջ անդրադարձաւ ուսումնական կեանքի ընթացքին երբ իրենց նպատակը պիտի ըլլար զարգանալ եւ հասնիլ՝ բարձր մակարդակներու, կարեւոր էր պահել իրենց պատկանելիութեան արժէքները եւ մնալ՝ արժէքներուն կապուած։ Այս արժէքներն են մեր եկեղեցին, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը։

Յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զանոնք։ Ապա աշակերտները մի առ մի մօտեցան արարողութեան մասնակից հոգեւորականներուն եւ օրհնութիւն ստացան։ Արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ թաղային խորհուրդը հիւրասիրեց ներկայ հոգեւորականներն ու աշակերտները։

Աշակերտները իրենց տնօրէն եւ ուսուցիչներուն հետ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ հայրական մերձեցումով հետաքրքրուած էր իրենց հետ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın