Ն. Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանը 3 Յունիս, Ուրբաթ ժամը 15.30-ին ներկայ գտնուեցաւ Կալաթա Փորթ Փաքէթ Փոսթանեսի վայրին մէջ «United Cuisines» բազմամշակութային խոհանոցներու արուեստի ծիրէն ներս կազմակերպուած «Chef’s Table» ձեռնարկին բացման արարողութեան։ Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար՝ Մեհմէտ Նուրի Էրսօյ, նախարարի փոխանորդ՝ Ահմետ Միսպահ Տէմիրճան, Պէյօղլուի Քաղաքապետ՝ Հայտար Ալի Եըլտըզ, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր՝ Արհ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան,Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, համանքային եւ թաղային մարմիններու, քոյր յարանուանութեանց, դիւանագիտական մարմիններու ներկայացուցիչներ։ Հանդիսութեան կազմակերպիչներու կարգին նշուած էր Լոյս Մետիա կազմակերպութիւնը, զոր կը գլխաւորէր՝ Արամ Քուրան եւ Յարութիւն Քուրան։
Նման փառատօն մը Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ կը կազմակերպուէր, որուն ընթացքին տարբեր կրօնքներու պատկանող խումբեր կը համատեղուէին ներկայացնելով իրենց խոհանոցային մշակոյթը, որ ցոյց կու տար երկրի մէջ տիրող բազմադարեան միասնականութիւնը, որուն իբր արդիւնք այս մարզէն ներս եղած են մշակութային եւ սովորութեանց փոխանակումներ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun