Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 2 Յունիս 2022, Հինգշաբթի, ժամը 17.00-ին Ֆէրիգիւղի Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ մեր վարժարաններու ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք այս կիրակի պիտի մասնակցին ԼԿՍ-ի (Լիսէներու Մտից Քննութիւն) քննութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն մասնակցեցան Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ քահանայ հայրեր ու սարկաւագներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու մասնակցութեամբ, ղեկավարութեամբ Բրշ, Էտվին Մրկ. Կալիպեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Տիկին Լիւսի Քահվէճիօղլուի։
Այսօրուան արարողութեան մասնակցեցան Արամեան, Թարգմանչաց, Էսաեան, Մէրամէթճեան, Գարակէօզեան, Պոմոնթի Սխիթարեան եւ Փանկալթը Մխիթարեան վարժարաններու աշակերտները, որոնք իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն հետ կը հետեւէին այս արարողութեան։
Երգեցողութեան աւարտին քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ մի առ մի նքելով վարժարաններու անունները, ողջունեց ներկայ աշակերտներու մասնակցութիւնը եւշնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը հաղորդական ոճով խօսեցաւ աշակերտներուն եւ անոնց բացատրեց աշխատանքի կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, միշտ աշակերտ մնալու կարեւորութիւնը, որ դուռը կը բանար զարգացման։ Ապա շեշտեց, թէ կարեւոր էր աղօթքը եւ այս հանդիսութեան առթիւ յատկապէս պատրաստուած աղօթքի քարթերը, որուն վրայ կար Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ժողովրդականացած երկու աղօթքները, մին՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս», իսկ միւսը՝ «Պահապան ամենայնի»ն։ Կարդաց եւ աշխարհաբարով բացատրեց այս աղօթքներուն իմաստները եւ թելադրեց, որ ամէն առթիւ այս աղօթքները կարդան։ Աղօթեն, ոչ միայն իրենց համար, այլ նաեւ իրենց օգտակար հանդիսացողներուն՝ իրենց ծնողներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, թաղային խորհուրդի կամ խնամակալութիւններու անդամներուն համար եւս, նաեւ խնդրեց որ աղօթեն նաեւ Սահակ Պատրիարքին համար։
Մեր հոգեւոր պետը կարկինի օրինակով բացատրեց, թէ աշակերտներ ինպիսի կեցուածք պէտք էր որդեգրէին։ Կարկինի մէկ ոտքը կը կենայ կեդրոնին վրայ իսկ միւս ոտքը որքան որ ուզես կրնայ բացուիլ ու շրջանակը ընդարձակել։ Աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեր ոտքը դրէք Ձեր ձեր եկեղեցւոյ, ձեր լեզուին, ձեր ժողովուրդի նուիրականութեան վրայ եւ մի բաժնուիք այդ կեդրոնէն։ Ձեր միւս ոտքը կրնաք ընդարձակ բռնել, կրնաք օտար լեզուներ սորվիլ, օտար վարժարաններ յաճախել, օտար համալսարաններ յաճախել, կրնաք ձեր միտքը հարստացնել։ Սակայն առանց կեդրոնին վրայ դրած ձեր ոտքը բաժնելու նուիրական արժէքներէն։ Յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զանոնք։
Ապա աշակերտները արարողութեան մասնակից հոգեւորականներուն մօտեցան եւ իւրաքանչիւրը օրհնութիւն ստացան։
Արարողութեանց աւարտին Շիրինօղլու Սրահին մէջ թաղային խորհուրդը հիւրասիրեց ներկայ հոգեւորականներն ու աշակերտները։ Նորին Ամենապատուութիւնը վերջին աղօթքէն առաջ առաջարկեց որ աշակերտներ, ծափահարեն իրենց տնօրէններն ու ուսուցիչները եւ յայտնեց, թէ քննութեամբ ձեռք բերելի յաջողութիւնները մեծագոյն նուէրը պիտի ըլլար կրթական մշակներու համար։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun