Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Կիրակի յետ միջօէի մեկնեցաւ Տիգրանակերտ։ Ծանօթ է, թէ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին վերջերս վերանորոգուելով պաշտամոււնքի վերաբացուած էր Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր ձեռամբ։ Թէեւ տաճարը վերանորոգուած էր, սակայն կային կարգ մը պակասներ որոնք կը կարօտէին լրացման։
Արամ Սրբազան Հայրը տաճարի մուտքին յատուկ ազդանշաններ զետեղել տուաւ, որոնք այցելուները կ՚ազդարարէին թէ ինչ բաներ արգիլուած էին տաճարէ ներս։ Նաեւ տտեղադրուեցաւ Սուրբ Կիրակոսի եւ մօր Յուղիտայի վարքերուն կարեւոր գիծերը Հայերէն, Թրքերէն եւ Անգլերէն։
Արամ Սրբազան Հօր ձեռամբ տաճարի ներքնամասին մէջ Աւագ խորանին ճակատը բաժակի, իսկ քովնտի սեղաններուն ճակատները Գառն Աստուծոյի ոսկեզօծ քանդակներ տեղադրուեցան։ Աւագ խորանի քովնտի չորս աւետարանիչներու ընծայուած սեղաններու սրբանկարները վերստին տեղադրուեցան տեղւոյն չափերուն համեմատ։ Եկեղեցւոյ բեմի Սուրբ Խաչի քանդակը ոսկեզօծուեցաւ։
Արամ Սրբազան Չորեքշաբթի օր վերադարձաւ քաղաքս։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun