Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համացանցային համալսարանը (Virtual college) հսկայական գործունէութիւն կը տանի հայերէն լեզուն դասաւանդելու առընթեր։
Օրերս «Հայերն այսօր» դիմատետրեան էջը անդրադարձ կատարած է հայկական համացանցային (Virtual) համալսարանի առօրեային մասին:
Հայկական համացանցային համալսարանի ուսանողները ամէն բանէ առաջ հայերէն լեզուով «Ես ընտանիք ունիմ» նախադասութիւնը կը սորվին: Բջիջային հեռաձայններու համար նորաստեղծ այս ծրագրով կարելի է սորվիլ մեր լեզուի, թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ՛ արեւմտահայերէն:
«Մենք դասի կը հրաւիրենք , ուսանողը դասը կ՛ընէ, տան մէջ կը սորվի, եւ յետոյ «Skype»-ի կամ «Zoom»-ի միջոցաւ կապ կը հաստատենք անոր հետ եւ միասին դասը վերաքաղ կ՛ընենք: Կը խօսինք երկխօսութիւններու եւ կենդանի ներկայացումներու մասին»,- կ’ըսէ հեռավար դասախօս՝ Անի Տէյիրմէնճեան:
Այսպէս, ամբողջ աշխարհէն կը կապուին Երեւանին մէջ հաստատուած «Վիրթչուըլ գոլէճ»ի կեդրոնին հետ, որպէսզի հայերէն սորվին եւ ծանօթանան հայկական մշակոյթին ու պատմութեան: Հայկական համացանցային համալսարանի առաքելութիւնն է սփիւռքի եւ, հայրենիքի մէջ ապրող մարդոց տալ հայկական համապարփակ կրթութիւն` անկախ տարիքէն, բնակութեան վայրէն կամ գիտելիքներու մակարդակէն:
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային համալսարանի կրթաան բաժնի ղեկավար՝ Մարինէ Խաչատուրեան կը նշէ,- «Կը զարգանանք թէ՛ արհեստագիտականօրէն եւ թէ՛ բովանդակային իմաստով, որովհետեւ միշտ փոխոխութեան մէջ են մօտեցումներն ու պահանջները: Այսօրուան աշակերտը եւ 10 տարի առաջուան աշակերտը ունին բոլորովին տարբեր ունակութիւններ եւ պահանջներ»:
Հայկական համացանցային համալսարանէն ներս կը դասաւանդեն սփիւռքահայ եւ տեղաբնակ ուսուցիչներ եւ ուսանողներուն համապարփակ կրթութիւն տալու համար ուսուցիչները կը վերապատրաստուին, կը տիրապետեն քանի մը լեզուներու, որպէսզի ամբողջ աշխարհի մէջ ապրող հայերուն հայերէն սորվեցնեն։
İlk yorum yapan siz olun