İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Քրիստոս, իր յարութենէն վերջ աշակերտներուն յանձնեց Աւետարան քարոզելու առաքելութիւնը, ըսելով. «գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատթէոս, 28.19-20)։

Պէտք է յիշել, որ վեղարաւոր եկեղեցականութեան թիւը երբ գոհացուցիչ էր Պոլսոյ մէջ, իւրաքանչիւր եկեղեցի ունեցած էր իր քարոզիչ հայր սուրբը եւ կամ սրբազանը։ Այս դրութիւնը յետ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին երբ խանգարուեցաւ, եկեղեցիներու քարոզչութեան պարտականութիւնը բեռցուեցաւ ափ մը վեղարաւոր եկեղեցականի ուսերուն վրայ։

Երբ այս էր պարագան եկեղեցւոյ պաշտամունքային դրութեան մէջ սկսած էր առաջին գծի վրայ գալ ծիսական արարողութիւնները։

Հետեւաբար այս պայմաններուն տակ եկեղեցիներու մէջ քարոզութիւնները սկսան մերթ ընդ մերթ կատարուիլ։ Քարոզչական առաքելութիւնը այսպէսով կը տարածուէր Մեծ Պահոց, Աւագ Շաբթու եւ տաղաւարներու ու տօնական այլ առիթներով։

Անցեալին երբ ընտանեկան յարկերու տակ շատեր աշխատութեամբ չէին զբաղեր,  կը մասնակցէին կատարուած արարողութեանց։ Բայց շատ ատեն այս կը պատահէր առանց լսելու Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը։

Այս վիճակը բաւական շարունակեց։ Ներկայիս փոխուած են ընկերային պայմանները։ Հետեւաբար, այլ զբաղումներու մէջ գտնուողներու համար եկեղեցւոյ պաշտամունքի յատկացուած ժամանակը կը սահմանափակուի եւ անոնք ըստ բաւականի մասնակից չեն կրնար ըլլալ արարողութեանց։

Ուրեմն, եկեղեցին կամ կը հաշտուի այս իրականութեան հետ եւ շատեր անմասն կը մնան աղօթքի եւ Սուրբ Աւետարանի քարոզութեան մթնոլորտէն, կամ այն ինչ որ կարելի է ի գործ կը դնէ իր առաքելութիւնը նոյն հաւատացեալներու մատչելի դարձնելու համար։

Անցեալին, այս առումով Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ եկեղեցւոյ երդիքին տակ սկսած էր քարոզչական աշխատանք։ Այս աշխատանքին մաս կազմած էին Աթոռոյս միաբան հայրերը։ Հոգելոյս Շնորհք Ծ. Վարդապետ Գասպարեանն էր, որ տեղին ազդարարութեամբ մը դիմած էր Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքին, ըսելով թէ Պոլսոյ մէջ ծիսակատարութենէն զատ ուրիշ աշխատանք կարելի չէ՞ր տանիլ արդեօք։

Այս աշխատութեանց զուգահեռ մեր մայրենիին անծանօթ մնացած հաւատացեալներուն համար սկսաւ թրքերէն քարոզութիւններ, որոնք արժանացան ոչ հայախօս ժողովուրդի երախտագիտութեան եւ գնահատանքին։

Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքն էր, որ առաջին անգամ իր ծննդավայր գաւառին մէջ սորված թրքերէնով սկսաւ քարոզել, քանի որ սկզբնական շրջանին չկամութիւններ ու դժգոհութիւններ կային ։

Եկեղեցին երբեք իրաւունք չունի ոչ հայախօս տարրը անտեսելու։ Ուրեմն Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է Սուրբ Գիրքը քարոզութեամբ մատչելի դարձնել ժողովուրդին ։

Ոմանք եկեղեցւոյ կ՚առաջարկեն որ ոչ հայախօս տարրին հայերէնի դասընթացք բանալ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ մինչեւ որ անոնք հայերէն սորվին միթէ Սուրբ Գիրքի անծանօ՞թ մնան։

Գիտնալ պէտք է, որ մինչեւ գիրերու գիւտը Սուրբ Գիրքի քարոզութիւնը կ՚ըլլար ոչ հայերէն լեզուներով՝ յունարէն կամ ասորերէն, եւ այդ լեզուներուն ու Սուրբ Գիրքի ծանօթ անձեր կը թարգմանէին աղօթքը եւ քարոզութիւնը։ 

Այս պատճառաւ է, որ Լրաբերի հիմնադրութեամբ եւ Գարեգին Բ եւ Մեսրոպ Պատրիարքներու օրհնութեամբ Հայերէնի առընթեր թրքերէն յօդուածներ գրի առնուեցան մեր ժողովուրդին մատչելի դարձնելու համար եկեղեցւոյ ուսուցումները, եւ աւանդութիւնները։ 

Գարեգին Բ Կաթողիկոսի ներկայութեամբ իր պատգամը թրքերէնի թարգմանուեցաւ, Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Որովհետեւ ով որ Տիրոջ անունը կանչէ՝ պիտի ապրի։ Բայց ինչպէ՞ս կանչեն զայն, երբ չհաւատացին անոր. կամ ինչպէ՞ս հաւատան, երբ չլսեցին զայն. կամ ինչպէ՞ս լսեն, որ մէկը չէ քարոզած իրենց. Կամ ինչպէ՞ս քարոզեն. Երբ առաքուած չեն. Ինչպէս որ գրուած է . «ի՜նչ գեղեցիկ են ոտքերը խաղաղութեան աւետարանիչներուն եւ բարութեան աւետարանիչներուն»  (Հռովմայեցիս, 10.13-16)

Նոյնպէս Եսայի Մարգարէ  կ՚աղաղակէ. «Տէր, ո՞վ հաւատաց մեր քարոզութեան»։ Ուրեմն հաւատքը կուգայ լսուածէն, եւ լսուածը՝ Քրիստոսի խօսքէն։ (Հռովմայեցիս, 10.17)

Այս էր Թարգմանչաց շարժումի ոգին, որ  կը միտէր Աստուծոյ խօսքը լսելի դարձնել հաւատացեալներուն իր լեզուով։

Կարեւորը Աստուծոյ խօսքը ժողովուրդին հասկնալի դարձնելն էր։

Հայ Եկեղեցին ոչ թէ գիրերու գիւտէն յետոյ այլ Դ դարուն պաշտօնապէս հաստատուեցաւ։ Նոյնպէս Առաքեալներ, ու անոնց ձեռնադրած հոգեւորականները, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ իր յաջորդները ու Սուրբ Սեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները քարոզեցին բոլոր անոնց որոնք տակաւին կը մնային հեթանոսական խաւարին մէջ։

Անցեալին մեր եկեղեցին երբ ծիսակատարութիւնը առաջին գծի վրայ բերած է եւ նաեւ հոգեւոր հայրեր պարագաներու բերումով չեն պատրաստուած ժամանակի պահանջներուն համաձայն, անմիջապէս այդ պակասը օգտագործող օտարականներ եկած եւ այդ պակասը լեցնել ուզած են եւ այդ միջոցին ալ մեր ժողովուրդէն անհատներ մնալով հանդերձ Հայ Եկեղեցւոյ անդամ, յաճախած են միջավայրեր, ուրկէ ստացած են դիւրամատչելի եւ ոչ հայեցի հոգեւոր սնունդ։ Այս շարժումներուն պատճառաւ Հայ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ յառաջացած են բաժանումներ։

Ի՞նչ է ներկայի վիճակը.  Եկեղեցին օրինական գետնի վրայ եւ ունենալով նուիրապետութեան օրհնութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ իր զաւակները իր փարախին մէջ պահելու համար։ Այս մէկը կ՚ընդգրկէ ժողովուրդին հասկնալի կերպով քարոզել, օգտագործելով օրուան հաղորդակցութեան միջոցները։

Իսկ ոմանք այս հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործումը կը նկատեն վնասակար Հայ Եկեղեցւոյ, սակայն չեն մտածեր թէ եթէ այս աշխատութիւնները չկատարուին,  մեր զաւակները, մենք մեր ձեռքով կը յանձնենք այլ հոսանքներուն, զորս վնասակար կը նկատեն։

Օրհնութեամբ կը յիշենք Կեսարիոյ Արիստակէս Քահանան, որ տեղւոյն բարբառով թարգմանած էր մեր հոգեւոր երգերը եւ աղօթքները, որոնք Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ կ՚երգուէին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեպաշտական արարողութեանց ընթացքին։

Դարձեալ ի ձեռին ունինք Կեսարիոյ շրջանակի բարբառով Նարեկի  թրքերէն թարգմանութիւնը։ Անցեալին հայատառ թրքերէնով արտադրուած են հոգեւոր գրականութիւն որոնք վայելած են Հոգեւոր վերին իշխանութեան հովանաւորութիւնն ու օրհնութիւնը։ Կը յիշենք Արմաշու Միաբան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի թարգմանութիւնը նկատի ունենալով իր ծննդավայր՝ Այնթապի ոչ հայախօս հաւատացեալները։ 

Թրքերէնի գործածութիւնը սկսեալ Շնորհք Պատրիարքէն, շարունակուած է իր երանաշնորհ յաջորդներու օրհնութեամբ։, ներառեալ պատրիարքներու վախճանման յաջորդող փոխանցման շրջանները։

Հայ Եկեղեցին ոչ մէկու վրայ բռնութիւն կը բանեցնէ եկեղեցւոյ անդամ դարձնելու։

Ներկայիս արտաքոյ եկեղեցւոյ շրջանակներու լեզուով կատարուող քարոզութիւնները ոմանց կողմէ վնասակար կը նկատուին։ Իրականութիւն է, որ մեր եկեղեցւոյ զաւակները երբ կը հետեւին Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականի քարոզութեան կը մնան հայ եկեղեցւոյ փարախին մէջ, նաեւ կը գիտակցին, թէ Հայ Եկեղեցին զիրենք չէ անտեսած ու չանտեսէր։։ 

Որպէս վերջաբան կը յիշենք Սուրբ Գիրքէն Մաղաքիա Մարգարէի միջոցաւ հասած պատգամը, որ կը կարեւորէ Աստուծոյ Խօսքին քարոզութեան կարեւորութիւնը. «Քահանային շրթունքները գիտութիւն պահելու են, մարդիկ անոր բերնէն օրէնք փնտռելու են, քանզի անիկա զօրքերու Տէրոջը դեսպանն է (Մաղաքիա, 2.7)։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın