Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Մայիս 2022, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Սրբոց Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ ատենապետ՝ Մուրատ Սիւմէի։
Յետ բարեզարդման աշխատանքներու պաշտամունքի վերաբացուած եկեղեցին այս տարի բարեզարդեալ վիճակով պիտի տօնէր անուան տօնախմբութիւնը։
Հիւրերը, սոյն այցելութեան ընթացքին 13 Յունիսին Սրբոց Հռիփսիմեանց Կուսանաց տօնին առթիւ խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութիւնը եւ յատկապէս ն Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու օրուան հանդիսութեան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին, նաեւ ստացաւ եկեղեցւոյ հետ առընչուած տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Վոփորի Եւրոպական ափի այս թաղի պատմական եկեղեցւոյ կանթեղը վառ կը մնար։ Ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun