Հանրապետութեան Նախագահութեան Հաղորդակցութեան Տնօրէնութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած էր համերգ մը, որ կոչուած էր «Նոր յոյսերու համար ձեռք ձեռքի»։ Սոյն նախաձեռնութեան նպատակն էր ողջ աշխարհի տարածքին համավարակի պատճառաւ մահացող վեց միլիոն անհատի համար աղօթել եւ մեր երկրի համար նոր յոյսեր ձեռք բերելու կարեւորութիւնը ընդգծել:
Համերգը տեղի ունեցաւ 23 Մայիս 2022, Երկուշաբթի, ժամը 20.30-ին, Պէյօղլուի Ս. Անթուան Լատին Եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ քրիստոնեայ յարանուանութեանց եւ հրեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու կամ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Համերգին Նորին Ամենապատուութեան հետ ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Իսկ յանուն Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի՝ Գերշ. Տ. Ափոստոլոս Ս. Մետրոպոլիտ, Գերշ. Տ. Բենիամին Եպս. եւ Փաիսիոս Սրկ., Ասորի Եկեղեցիէն Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Մետրոպոլիտն ու Տէյրիւլզաֆարան Վանքի Գերշ. Տ. Ֆիլիւքսինոս Սալիպա Մետրոպոլիտը, Հայ Կաթողիկէ Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի անունով Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Ս. Անթուան Եկեղեցւոյ Ֆրանչիսկեան Միաբաններու անունով Հ. Անտոն Պուլայիի գլխաւորութեամբ վարդապետներ, Հրեայ համայնքի Հոգեւոր Պետ Ռավ Իսհաք Հալէվա Խախամապետը։
Հաղորդակցութեան Տնօրէն Փրօֆ. Տքթ. Ֆահրեթթին Ալթունի ուղերձը կարդաց Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ.։
Բարի գալստեան խօսք արտասանեց նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ըսաւ թէ համավարակի շրջանին կարօտ մնացինք նման ձեռնարկներու։ Այսօր այս համերգը գեղեցիկ առիթ եղաւ մէկտեղուելու՝ աղօթելու՝ հանգուցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Ապա սկսաւ համերգը, որու ընթացքին երգեց Գարին Չուպուքճեան-Պոզքուրթ։ Իրեն, տաճարի փողաւոր դաշնակով ընկերացաւ Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան։
Հոգեւոր երգերէ բաղկացեալ համերգի առաջին մասը կազմուած էր Վէրտիէ, Ֆրիսինայէ, Շուպէրթէ, Մոցարթէ, Յարութիւնեանէ, Չաչինիէ, Սթրատէլլայէ, Փուրսէլէ եւ Կոմէզէ նմոյշներէ։ Կարճ դադարէ մը ետք սկսաւ երկրորդ մասը, որուն ընթացքին երգուեցան Հայ Եկեղեցիէն երեք նմոյշներ՝ Եկմալեանէ «Սուրբ»ը, Կոմիտաս Վարդապետի «Տէր ողորմեա»ն եւ Եկմալեանի «Տէրունական Աղօթքը»։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun