İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇԻՇԼԻՑԻ ՊԱՏԱՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ

Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի կազմերը վերջին շրջանին կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Մինչեւ 12 եւ մինչեւ 16 տարեկաններու կազմերը, նաեւ Թուրքիոյ Պասքեթպոլի դաշնակցութեան եւ «Ճունիըր քափ» լիկերուն մասնակից շիշլիցի մարզիկները իսկապէս ապագայ կը խոստանան։ Վերջին արդիւնքները կու գան ապացուցանել, թէ Շիշլի կ՚արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը՝ որպէս երիտասարդ մարզիկներ պատրաստող մարզակումբ։ Արդարեւ, ակումբի վարչութիւնը մեծ ջանք կը թափէ, որպէսզի խոստմնալից մարզիկները հասակ առնեն հեղինակաւոր մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ։

Մինչեւ 12 տարեկաններու կազմին մէջ կը գտնուին՝ Արտա Չիմէն, Արեգ Եըլտըրըմ, Արէս Քիրիշճիօղլու, Արամ Թոմաօղլու, Առէն Շէշէշթեան, Այգ Չամքերեսթէճեան, Ազատ Տեմիրքըրան, Տարօն Տեւլէթօղլու եւ Քերէմ Տեմիր։

Մինչեւ 16 տարեկաններու կազմին մէջ են Արատ Տուրնա, Առէն Քամար, Առէն Թաշ, Առէն Պարունվարդեան, Պաթու Էֆէ Իփէք, Ռոպին Հիճազօղլու, Արտէն Ինճէկիւլ, Հարուն Սեդրակ Էօզտողան, Առէն Կենչ, Արի Լեւոն Շահինօղուլլարընտան, Տայք Միլոշեան, Էտվին Աքմերճան եւ Առնօ Աքմերճան։

Կը շնորհաւորենք շիշլիցի յաջող մարզիկները, որոնց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/24-05-2022-շիշլիցի-պատանի-մարզիկները-փայլուն-յաջողութիւններ-կ՚արձանագրեն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın