Այսօր՝ Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2022֊ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Դամասկոսի մէջհանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ֊Ասատի հետ։ Նորին Ս. Օծութեանպատուիրակութեան մաս կազմեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զոպուեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ խորհրդարանի հայկական պլոքիներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ԺիրայրՌէիսեան, Սուրիոյ Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Բերիոյ հայոցթեմի Ազգ. Իշխանութեան ատենապետ Սիւնպիւլ Սիւնպիւլեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեանանդամ Հրաչ Յակոբեան եւ Ազգ. բարերար Սուրէն Վարդանեան։
Նախագահ Ալ֊Ասատ ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին եւ իրեն ընկերակցողպատուիրակութեան այցելութիւնը։ Նախագահը իր խօսքին մէջ յիշեց Օսմանեան պետութեան կողմէգործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ընդգծեց, թէ պատմութիւնը կը շարունակուի Սուրիոյ մէջ։Ան նշեց հայոց ներդրումը Սուրիոյ զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ եւ շեշտեց, որ հայհամայնքը անբաժան մասնիկն է Սուրիոյ հասարակութեան։
Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, բարձր գնահատեց Սուրիոյ պետութեան աջակցութիւնը հայհամայնքի վերականգնման։ Վեհափառ հայրապետը վստահեցուց, թէ Սուրիոյ հայութիւնը ամէնգնով սատար պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ վերաշինութեան ու վերածաղկման աշխատանքներուն։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու շրջանի տագնապներն ու խնդիրները։ Ապա, Նախագահ Ալ֊Ասատին պարզուեցան Սուրիոյ հայութիւնը դիմագրաւող դժուարութիւնները։
Աւարտին, Վեհափառ հայրապետը նախագահին նուիրեց Բարձրբերդի Աւետարանի օրինակ մը եւիր հեղինակած The Armenian Church գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը։
Յայտնենք, որ Վեհափառ հայրապետը նոյն օրը յաջորդաբար այցելեց Սուրիոյ Կրօնից նախարարԱհմատ Ապտ Ալ֊Սաթար Ալ֊Սայէտին, վարչապետ Հուսէյին Արնուսին եւ Ասորի ՈւղղափառԵկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին (Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու պետերըերկրէն բացակայ ըլլալնուն պատճառով անոնց հետ հանդիպում տեղի չունեցաւ)։
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun