Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան եւ Պաքըրգիւղի Մշակոյթի կեդրոնի ու ճեմատան նպաստով այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ միջազգային նկարչութեան խառն ցուցահանդէս մը, որ կոչուած է՝ «Եթէ մարդը ուզէ» եւ որ երկրորդն է իր տեսակին մէջ։ Այս ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը երէկ տեղի ունեցաւ «Իսփիրթօհանէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, որ կը գործէ Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Բազմատասնեակ արուեստագէտներ մասնակցութիւն կը բերեն այս ճոխ ցուցահանդէսին, որու ծիրէն ներս տեղ գտած են նաեւ մեր համայնքի յայտնի նկարչուհիներէն Մառլէն Թէքիրտաղլըճանի ստեղծագործութիւնները։ Ցուցահանդէսի կազմակերպիչ-պատասխանատուն է Կիւլիզար Իշպիլիր։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ այս ուրբաթ, մայիսի 27-ը։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Մառլէն Թէքիրտաղլըճանը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/24-05-2022-միջազգային-ցուցահանդէս
İlk yorum yapan siz olun