İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒՐԱԽ ԿԻՐԱԿԻ

Համայնքային շրջանակները երէկ ողջունեցին մեր արժէքաւոր երիտասարդներէն Սերենա Էլվանի եւ Յարութիւն Քուրանի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց խորհրդակատարութեան, որու ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ հայրեր։ Խաչեղբայրն էր Տէր եւ Տիկին Արտէն-Լարա Չաքըր։ Բոլոր ներկաները բարձր տրամադրութեամբ ողջունեցին երկու արժէքաւոր երիտասարդներու կեանքի միացումը՝ մինչ արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի շնորհաւորականը։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ օրհնութեան խօսք մը արտասանեց երիտասարդ ամոլին համար։ «Լոյս» արբանեակային հեռուստակայանի ամբողջ ընտանիքն ալ մասնակից էր Ս. Պսակին՝ նկատի ունենալով, որ Յարութիւն Քուրան խմբակի յառաջատար դէմքերէն մին է։

Այս ուրախ առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նորապսակ ամոլը՝ մաղթելով անխառն երջանկութիւն։ Մեր խնդակցութիւնները նորապսակներու երջանիկ ծնողաց՝ Գաբրիէլ-Թագուհի Էլվան ամոլին ու մեր սիրելի բարեկամ Արամ-Անահիտ Քուրան ամոլին։ Նոյնպէս խնդակցութիւններ Արտէն եւ Լարա Չաքըրներուն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/23-05-2022-ուրախ-կիրակի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın