Երկուշաբթի, 16 Մայիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (Ա.Մ.Է.), Քաթարի եւ Շրջակայից թեմին, նամակ յղեց Ա.Մ.Է. նորընտիր նախագահին՝ վսեմաշուք Շէյխ Մուհամմատ Պըն Զայէտ Ալ-Նահեանի՝ շնորհաւորելով անոր նախագահական ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ա.Մ.Է. ժողովուրդը։
Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեց տարիներ առաջ Ա.Մ.Է. մէջ նորընտիր նախագահին հետ ունեցած հանդիպումը եւ իր ու երկրի հայ համայնքին զօրակցութիւնը յայտնեց անոր։ Նամակի աւարտին, Հայրապետը յաջողութիւն ու արեւշատութիւն մաղթեց նախագահին, ինչպէս նաեւ առաւել բարգաւաճում ու յառաջդիմութիւն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն։
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun