İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի նոր հատորին շնորհանդէսը տեղի ու¬նեցաւ 17 Մայիս 2022, Երկուշաբթի, ժամը 17.00-ին Պատրիար¬քա¬րանի դահլիճին մէջ։

Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս լոյս տեսած էր Աթոռոյս հոգեւոր դասու անդամներէն Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի նոր հատորը՝ «Կեանքը որ կ’ապրինք», Ժամանակ օրաթերթի եւ Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի համատեղ հրատարակութեամբ։

Աւելի քան 400 մեծադիր էջերէ բաղկացեալ հատորին կազմող եւ խմբագիրն է Վարանդ Յակոբ Քորթմոսեան։  Տէր Հօր աւելի քան քսան եւ հինգ տարիներու ամենօրեայ քրոնիկներէն կազմուած հատորը ձօնուած է հեղինակի բարեյիշատակ հօր՝ Գրիգոր Գալփաքճեանին եւ լոյս կը տեսնէ Խաչիկ Միսաք եւ Իրմա Թաթարեան ամոլի մեկենասութեամբ։

Հանդիսութեան մասնակցեցան Աթոռոյս միաբան հայրերէն Պէյօղլուի եկեղեցեաց հովիւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Պատրիարքարանի Հրատարակչական Բաժնի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, քահանայ հայրեր, Ժամանակ օրեթերթի եւ Ուսուցչաց Հիմնարկի պատասխանատուներ եւ Տէր Հօր բարեկամներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր աղօթքէն ետք, Մարիամ Տրամէրեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ։ Նկարագրեց գիրքը, ապա կարդաց հեղինակ Տէր Հօր կենսագրականը։

Ապա խօսեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանիին ներքեւ ժամանակին իրագործուած այն պարբերաթերթերու հրատարակութիւններուն, ուր լոյս կը տեսնէին հոգեւոր հայրերու գրչի արտադրութիւնները։ Դրուատեց Արժ. Տ. Մաշտոց Քահանայի վաստակը։ Ընդգծեց թէ Տէր Հայրը նախ որպէս հոգեւորական ապա՝ գրչի մշակ, արժանաւորապէս կը պատկանէր իր նախորդներու փաղանքին եւ առողջութիւն մաղթեց իրեն։

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Ժամանակ օրաթերթի աւագ խմբագիր Արա Գօչունեան եւ պատմեց գրքի հրատարակութիւնը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երախտաւորներուն, հեղինակ Տէր Հօրմէ սկսելով, խմբագրին, մեկենասներուն, Ուսուցչաց Հիմնարկին եւ վերջապէս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որուն հայրական հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ իրականացաւ այս շնորհանդէսը։ Նորին Ամենապատուութիւնը գիտցաւ գիրի ու գրականութեան կարեւորութիւն տալ։ Գօչունեան բարեմաղթանքներ կատարեց Պատրիարք Հօր եւ Պատրիարքական Աթոռոյ անսասանութեան համար։

Միսաք Մեծարենցի «Կիրակամուտք» եւ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւններով հանդէս եկաւ Սիլվա Կոմիկեան։

Հանդիսութեան ծրագիրէն շեղելով, Պատրիարք Հայրը խօսք տուաւ փափաքողներու եւ այսպէս իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին ու տպաւորութիւններն ու յիշատակները պատմեցին Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան եւ Գարեգին Պարսամեան։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ որ հայ գիրն ու գիրքը շատերուն համար կրնայ անկարեւոր նկատուիլ, հայ գիրն ու գիրքը կրնայ շահաբեր չըլլալ, սակայն խումբ մը մարդիկ ալ մնան, կը սիրեն իրենց մայրենին եւ կառչած են անոր։ Չեն փափաքիր, որ իրենց բերանները մեր մեծասքանչին շիրիմները դառնան։ Ապա անգամ մը եւս գնահատեց հեղինակ Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանը եւ անոր գրական վաստակը ու անոր առողջ, արեւշատ կեանք մաղթեց։

Հանդէսը իր աւարտին հասաւ կարկանդակի հատումով եւ համեստ պատուասիրութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın