Հաթայի եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ Անատոլուի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Ս. Զատկի առթիւ Մերսին մեկնելով, հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն մերազն բնակիչներուն հետ եւ Մերսինի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ հայածէս Ս. Պատարագ մատոյց։
Արարողութիւնը իրականացաւ Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովիւ Հ. Ռոշհան Վրդ.ի ջերմ հիւրասիրութեամբ, որով տարիներ վերջ մերազն հաւատացեալներ առիթ ունեցան Ս. Զատկի ուրախութիւնը ապրիլ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Առէն Ուր. Դպ. Քուշ եւ փոքրիկն Մինաս Թապաշեան։
Տէր Հայրը քարոզին մէջ նախ հաւատացեալներուն փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հայրական օրհութիւններն ու աղօթքը, ապա Մերսինաբնակ մերազն հաւատացեալներուն մասնակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց։ Հրաշափառ յարութեան կարեւորութիւնը շեշտելով, ըսաւ. «Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մարդկութիւնը մահուան դատապարտութենէն փրկեց։ Յարութեան լոյսը խաւարը փարատելով մարդ արարածը լուսաւորութեան առաջնորդեց»։ Տէր Հայրը արարողութեան աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ. Ռոշհան Վրդ.ին, որ եկեղեցւոյ դռները հայածէս արարողութեան համար բացաւ։
Եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին Տ. Աւետիս Քհնյ. եւ Հ. Ռոշհան Վրդ. մէկտեղուեցաւ հաւատացեալնեուն հետ։
Տէր Հայրը Մերսինի գերեզմանատան Հայոց բաժնին մէջ ի Տէր ննջած հաւատացեալներուն համար հոգեհանգստեան կարգ կատարելէ ետք վերադարձաւ Հաթայ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun