İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Մայիս 2022, Չորեքշաբթի գիշեր Աթոռ վերադարձաւ։

Նորին Ամենապատուութիւնը Ասորւոց Տէյրիւլզաֆարան Վանքին մէջ Մարտինի եւ ՏիգրանակերտիՄոր Ֆիլիւքսինոս Սալիպա Էօզմէն Մետրոպոլիտին ընծայուած հիւրասիրութեան համարշնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հրաժեշտ առնելով բաժնուեցաւ վանքէն։

Մեր Հոգեւոր Պետը, ուղեկցութեամբ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեանի եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, ուղղուեցաւ Մարտինի Միտեաթ գաւառակը եւայցելեց Ասորւոց Մոր Կապրիէլ Վանքը։ Դիմաւորուեցաւ վանականներու կողմէ եւ վանքի եկեղեցւոյմէջ իր ուխտի աղօթքը ընելէ յետոյ հանդիպում ունեցաւ վանքի մեծաւոր եւ Թուրապտինիառաջնորդ՝ Մոր Տիմօթէոս Սամուէլ Աքթաշ Մետրոպոլիտի հետ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւԹուրքիոյ Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Առաջնորդ՝ Մոնս. Րամզի Կարմօ եպիսկոպոսը։ 

Կատարուած հիւրասիրութենէն եւ յուշանուէրներու փոխանակումէն յետոյ Պատրիարք Հայրը եւուղեկիցները հրաժեշտ առնելով ուղղուեցան Մարտինի Օդակայանը եւ ժամը 22.00-ին հասանՍտանպուլի Օդակայան, ուր պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղյ. Տամատեանի եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցանՊատրիարքարան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın