İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՅՑ՝ ՄԱՐՏԻՆԻ Ս. ՅՈՎՍԷՓ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը, Մարտինի Կուսակալութենէն յետոյ այցելեց քաղաքի Հայ Կաթողիկէից Ս. Յովսէփ Եկեղեցին եւ դիմաւորուեցաւ Ուղուրկէլ ընտանիքի անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան հետ էին Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ընդունելութեան ներկայ եղաւ նաեւ Մարտինի եւ Տիգրանակերտի Ասորւոց Առաջնորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Սալիպա Էօզմէն Մետրոպոլիտը։ Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները արժանացան ժողովուրդի սիրալիր ընդունելութեան։ Եկեղեցին նորոգութեան մէջ էր, սակայն աշխատանքները լրանալու վրայ էին։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հիւրերը եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ հիւրասիրուեցան թէյասեղանով։ Ուղուրկէլ ընտանիքը ի յիշատակ այս այցելութեան նուիրեց մեր Հոգեւոր Պետին ձեռագործ դիմանկարը, պատրաստուած՝ արուեստագէտ Նուրէտտին Չաքմաքի կողմէ։

Սիրալիր ընդունելութենէն յետոյ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ընկերակիցները վերադարձան Տէյրիւզաֆէրան Վանքը։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın