İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԷՐԻԿԻ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Մարտինի Տէրիկ գաւառակի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին 9 Մայիս 2022, Երկուշաբթի, ապրեցաւԶատկական ուրախութիւն։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ շաբաթավերջին Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյպաշտամունքի բացման արարողութեան նախագահած եւ Սուրբ Պատարագ մատուցած՝հովուապետական այցելութիւն շնորհեց Մարտինի Տէրիկ գաւառակի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցիին։

Առաւօտուն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան ընկերակցութեամբ, կիսասարկաւագներ՝ ՀերմանՎէսքէի, Կարապետ Եօնթանի եւ Ղազար Սապունճեանի, եկաւ եկեղեցի եւ արարողութեան համարպատրաստութիւններ տեսան։ Իրենց միացան Գաւառի համայնքներու տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Բրկ. Ուրարարկիր Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան։ Արարողութեանց մասնակցեցան նաեւԼուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Ժամը 10.30-ին եկեղեցի հասան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն ՀայոցԿաթողիկոսի ներկայացուցիչ եւ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան ուգաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը զանգահարութեամբեւ տեղւոյն փոքրաթիւ հաւատացեալներու կողմէ մատուցուած աղ ու հացով դիմաւորուեցաւ եւհրաշափառով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր կատարեց իր ուխտի աղօթքը։ 

Եկեղեցի հասան նաեւ Տիգրանակերտի ուխտաւորներու խումբը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրըեկեղեցւոյ պարտէզին մէջ հանդիպում ունեցաւ ներկայ ժողովուրդին հետ եւ շրջեցաւ եկեղեցւոյհամալիրը, երբեմնի վարժարանի շէնքը։

Ժամը 11.00-ին Սուրբ Պատարագ մատոյց Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ.։ Ս. Սեղանին սպասարկեցինԲրկ. Կիսասարկաւագներ՝ Հերման Վէսքէ, Կարապետ Եօնթան, Ղազար Սապունճեան եւ Բրկ. Ուրարակիր Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին քահանայ հայրեր, առաջնորդութեամբ Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայի։ 

Նախ քան Տէրունական աղօթքը քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Անդրարադարձաւ թէ երբՏիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ հանդիսութեանց նախագահելու համար եկած էինՊոլիսէն, կարելի չէր աննկատ թողուլ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին եւ այս առումով կազմակերպուած էրայս հովուապետական այցելութիւնը։ Ուրախութիւն յայտնեց, որ նախապէս Երանաշնորհ ՇնորհքՊատրիարքի հետ այցելած էր այս գողտրիկ եկեղեցին եւ այս անգամ որպէս պատրիարք առիթըունեցած էր ուխտի աղօթք կատարելու Տէրիկցի հաւատացեալներուն սրտամօտիկ այսաղօթատեղիին մէջ։ Յիշեց, թէ ժողովուրդը ինչ զոհողութեամբ տիրացած էր այս աղօթատեղիին, որցուցիչն էր իրենց հաւատաւոր կեցուածքին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց գաւառապետ ԷվրէնՉաքըրի եւ իր անձին մէջ տեղւոյ աւագանիին, որոնք եկեղեցւոյ պահպանութեան համար ի գործ կըդնէին իրենց կարելին։ Գնահատեց, որ եկեղեցին մաքուր եւ խնամեալ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ այսառումով իր օրհնութիւնները տուաւ Տէրիկաբնակ Նաիլ եւ Եուրշալիմ Տէմիրճի ամոլին, ինչպէս նաեւԶաքարիա Սապունճուին, որ մերթ ընդ մերթ այցելութիւններով կը հետաքրքրուէր եկեղեցւոյ հետ։Անդրադարձաւ Կարմիր Կիրակիի խորհուրդին, որ ունի յարութեան գաղափարը եւ խորհրդանշաննէ կենդանութեան։ Եւ եկեղեցւոյ քարեղէն տաճարը կեանք ստացած էր իր մէջ ունենալով ապրողեկեղեցիի՝ հաւատացեալներու ներկայութիւնը։ Շեշտեց տաճարներ ունենալու կարեւորութիւնը, ուրաղօթքի միջոցաւ հաղորդ կը դառնանք սրբութեան։ Եւ այս հասկացողութեամբ Սուրբ ԳէորգԵկեղեցւոյ պայծառութեան համար ծառայողներուն յայտնեց իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը, քանի որ անոնք Տէրիկէ հեռու ապրած ըլլալով հանդերձ իրենց կարելին ի գործ կը դնէին եկեղեցինպահպանելու եւ անոր կարիքները հոգալու համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը ներկայացուց Գերշ. Տ. Յովնան Սրբազան Եպիսկոպոսը, որ Տիգրանակերտի արարողութեանց մասնակցելէ յետոյ առիթըունեցած էր այցելելու այս տաճարը եւ իր ուխտի աղօթքը կատարել։

Սուրբ Պատարագի աւարտին պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ հոգւոց եկեղեցւոյ վախճանեալհոգեւոր հովիւներուն, բարերարներուն եւ այժմու բարերարներու հանգուցեալ ընտանեկանպարագաներուն նաեւ ընդհանրապէս ի Քրիստոս ննջած Տէրիկցի հաւատացեալներուն։

Արարողութեանց աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը երբ կը բաժնուէր եկեղեցիէն արժանացաւտեղացի ժողովուրդին ջերմ ընդունելութեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın