İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՏԷՐԻԿԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Տէրիկի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեաննախագահելէ յետոյ այցելեց Տէրիկի Գաւառապետարան, ուր ընդունուեցաւ Գաւառապետ ԷվրէնՉաքըրի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Զաքարիա Սապունճու։Գաւառապետը նախապէս ծանօթացած ըլլալով Գրիգոր եւ Ժոյս Տինչքայըքճը ամոլին հրաւիրած էրներկայ ըլլալու ընդունելութեան։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին յարգարժան գաւառապետը բարիգալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան եւ հիւրերուն։ Նշեց թէ եկեղեցւոյ պահպանութեան եւկամ նորոգութեան կարիքներ ունենալու պարագային պատրաստ էր օգտակար հանդիսանալու։Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար եւ իյիշատակ այս այցելութեան գաւառապետին նուիրեց Կարօ Քիւրքմանի հեղինակած երկհատորաշխատասիրութիւնը ի մասին Օսմանեան Կայսրութեան շրջանի հայ նկարիչներու։ ԳաւառապետՉաքըր կը կրէ նաեւ քաղաքապետի հանգամանք։

Գաւառապետ՝ Էվրէն Չաքըր Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց Տէրիկի Եկեղեցւոյ մէջ աղօթողհաւատացեալներու գեղեցիկ մէջ լուսանկարը։ 

Պաշտօնական ընդունելութեան աւարտին յարգարժան գաւառապետը ի պատիւ ՆորինԱմենապատուութեան եւ հիւրերուն ճաշասեղան սարքեց մօտակայ ճաշարանին մէջ, ուր հիւրերմեծարուեցան Տէրիկի տեղական ճաշերով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յանուն հիւրերուն շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած սիրալիրընդունելութեան համար, ու հրաժեշտ առնելով մեկնեցաւ դէպի Ասորիներու Տէյրիւլզաֆէրան Վանքը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın