İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՍՈՐՒՈՑ ՏԷՅՐԻՒԼԶԱՖԷՐԱՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 9 Մայիս 2022, Երկուշաբթի, Մարտինի Տէրիկ գաւառակի ՍուրբԳէորգ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց նախագահելէ յետոյ, ժամը 16.30-ին իրհետեւորդներով հասաւ Մարտինի Ասորւոց Տէյրիւլզաֆէրան Վանքը եւ վանքի մուտքինդիմաւորուեցաւ Մարտինի եւ Տիգրանակերտի Ասորւոց Առաջնորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս ՍալիպաԷօզմէն Մետրոպոլիտի կողմէ։ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շուրջառաւ եւ հոգեւորականներուկազմած թափորով առաջնորդուեցաւ վանքի մատուռը, ուր կարճ արարողութենէ յետոյ ՄորՖիլիւքսինոս Մետրոպոլիտ բարի գալստեան խօսքով հանդէս գալով ըսաւ, թէ այս սուրբ վանքին մէջսուրբերու բարեխօսութիւնը եւ օրհնութիւնը որ կայ, Նորին Ամենապատուութեան այցելութեամբ այսօրհնութիւնը կը շատանար։ Նշեց, որ Պատրիարք Հօր հետ ունէր վաղեմի բարեկամութիւն եւ իրենհամար  մեծ ուրախութիւն էր  վանքի մէջ հիւրընկալել Նորին Ամենապատուութիւնը, որ անցեալինհիւրընկալուած էր երբ ան այցելած էր որպէս սարկաւագ եւ եպիսկոպոս։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Մետրոպոլիտին եւ ըսաւ, թէՏէյրիւլզաֆէրան Վանքը յատուկ նշանակութիւն ունէր իրեն համար, քանի որ Երանաշնորհ ՇնորհքՊատրիարքի հետ այցելութեան ժամանակ վանքի մատրան մէջ կատարուած աղօթքներով իրերկար տարիներու անբուժելի քիթի արիւնահոսութիւնը հոն դադրած էր հրաշքով։ Յայտնեց, թէ մեծուրախութիւն եւ հրճուանք կը զգար վանք այցելելով։

Մեր Հոգեւոր Պետին կողքին ընդունելութեան ներկայ էին Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Արարողութեան աւարտին հիւրերը հիւրընկալուեցան թէյասեղանով։

Ապա հիւրերը վանքի ուղեցոյց հոգեւորականի առաջնորդութեամբ այցելեցին վանքի բաժինները եւծանօթութիւններ ստացան։

Արժ. Տ. Տ. Տրդատ Աւագ, Աւետիս եւ Շահէն քահանայ հայրերը շնորհակալութիւն յայտնելովընծայուած հիւրասիրութեան համար, հրաժեշտ առին վանքէն։

Նորին Ամենապատուութիւնը, Տ. Յովնան Եպիսկոպոսը եւ Տ. Շիրվան Քահանան երկու օր պիտիհիւրընկալուին վանքին մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın