İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՕԾՈՒԵՑԱՒ

Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման առթիւ կատարուած ուխտագնացութիւնը իր կատարին հասաւ 7 Մայիս 2022, Շաբաթ երեկոյ, օծման ու պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութեամբ։

Նոյն առթիւ կատարուեցան զոյգ հանդիսութիւններ՝ պետական եւ եկեղեցական։

Նկատի ունենալով օդերեւոյթի պայմանները եւ տեղատարափ անձրեւի զօրաւոր հաւանականութիւնը, պետական աւագանիի մասնակցութեամբ կատարելի հանդիսութիւնը սկսաւ ժամը 16.00-ին, Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ, նախ քան եկեղեցական հանդիսութիւնը։

Սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Մէհմէտ Նուրի Էրսօյ, Տիյարպաքըրի Կուսակալ Միւնիր Քարալօղլու, Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Պուրհան Էրսօյ, Սուրի Գաւառապետ Ապտուլլահ Չիֆթճի, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներէն Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Վիկտոր Վրդ., Ասորի Եկեղեցիէն Տիգրանակերտի եւ Մարտինի Մոր Սալիպա Էօզմէն Մետրոպոլիտ եւ Ատըեամանի Մոր Մելքի Իւրէք Մետրոպոլիտ, Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան։

Նախ, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Էրկուն Այըք, որ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց անցեալին կատարուած վերանորոգութեան աշխատանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական մարմիններու եկեղեցւոյ վերանորոգութեան առթիւ ցուցաբերած բարեացակամ եւ հոգատար կեցուածքին համար։

Ապա արտայայտուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը, որ իր խօսքին մէջ համառօտ տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ պատմութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պետական աւագանիին, գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, իրենց ցուցաբերած քաջալերական կեցուածքին համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքը ուղղելով Տիգրանակերտցիներու, ըսաւ. 

«Սիրելի Տիյարպաքըրցի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այս ուրախ օրուան առթիւ սիրով առլցուն կը շնորհաւորեմ բոլորդ։ Այս եկեղեցին միակ կառոյցն է, որր Տիյարպաքըրի հետ ձեր ունեցած յիշատակները վառ պիտի պահէ։ Հոգելոյս Մկրտիչ Մարկոսեանի վարպետ գրիչովը նկարագրած «Կեավուր Մահալլէսի»ի վերջին յուշարձանն է։ Արժէքը գիտցէք, խնամեցէք, կարիքներովը հետաքրքրուեցէք եւ ծխական խորհուրդը քաջալերեցէք»։

Հանդէս եկաւ Տիյարպաքըրի Կուսակալ Քարալօղլու, անդրադառնալով Տիգրանակերտի բազմերանգ մասնայատկութեան եւ յայտնեց թէ քաղաքի պատմական բոլոր հնութիւնները իրենց արժէքը ունին եւ այս առումով արժանի են պահպանութեան ու խնամքի։ Ուրախութիւն յայտնեց, որ այս պատմական կառոյցներու շարքին եկեղեցիներ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած են եւ կը պահեն պաշտամունքի վայր ըլլալու առաջնահերթ հանգամանքը։ Այսպիսին է Ս. Կիրակոս Եկեղեցին, որ այժմ բոլորս կ’ողջունէ։

Հուսկ՝ արտայայտուեցաւ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Մէհմէտ Նուրի Էրսօյ, որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին մասնակցած էր բացման հանդիսութեան Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ, որուն վերանորոգութեան համար որպէս նախարարութիւն իրենց կարելին ի գործ դրած էին։ Իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ իրենց համար պարտականութիւն կը նկատէին բոլոր պատմական կառոյցներու պահպանութիւնը, ըլլան անոնք մշակութային եւ կամ կրօնական հաստատութիւններ։ Բարեմաղթութիւններով ողջունեց եկեղեցւոյ վերանորոգեալ վիճակով պաշտամունքի վերաբացումը եւ մաղթեց, որ օրհնաբեր ըլլայ վերանորոգուած եկեղեցին։

*

Պետական աւագանիի մեկնումէն ետք, սկսաւ եկեղեցական կարգը, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հօր։

Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբի երգած Ուրախ լեր շարականով Պատրիարք Սրբազան Հայրը, ներկայ հոգեւորականներու հետ առաջնորդուեցաւ դէպի Տաճարի աւագ դուռը, ուր կատարեց դռնբացէքի արարողութիւնը։ Ապա թափօրը մուտք գործեց վերանորոգեալ տաճարէն ներս, մինչ քահանայ հայրեր օրհնեալ ջուր կը սրսկէին տաճարի որմերուն։

Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն ետք, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ աւագ խորանը, 

Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. օծեց Ս. Մատթէոսի եւ Ս. Մարկոս աւետարանիչներու ընծայուած խորանները։ Իսկ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս.՝ Ս. Ղուկաս եւ Ս. Յովհաննէս աւետարանչներու խորանները, մկրտութեան աւազանն ու մատրան Ս. Սեղանը եւ Տաճարի բեմը։ 

Արարողութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց եւ ըսաւ թէ «Կորսուած էր գտնուեցաւ, մեռած էր, ողջնցաւ» Սուրբ Գրական խօսքը ընդհանրապէս մարդոց համար կը գործածենք, սակայն այս պարագային կարելի է գործածել նաեւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ համար։ Ան, զանազան պատճառներով կորսուած, մինչեւ իսկ մեռած էր եւ ահա այսօր այս օծման հանդիսութեամբ յարութիւն կ’առնէ։ Այսօր այս եկեղեցւոյ համար Զատիկ է։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներու յաջողութեամբ պսակուած ըլլալու կապակցութեամբ։ 

Պատրիարք Հայրը դրուատանքով արտայայտուեցաւ ի ծնէ Տիգրանակերտցի Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ծառայութիւններու մասին՝ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ երկու վերանորոգութիւններու շրջանին։ Նշեց թէ որպէս լուսարարապետ եւ ապա օրուան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազանը, լծուած էր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան գործին, որ յաջողութեամբ պսակուած էր 2011ին, Էրկուն Այըքի ատենապետութեամբ վերակազմուած ծխական խորհուրդի ալ գործակցութեամբ, թէ երկրի մէջ եւ թէ արտերկրեայ շփումներով։ Իսկ վերջին նորոգութեան պարագային, նկատելով որ պիւտճէ մը ստեղծել անկարելի էր, Շրջապատի եւ Քաղաքաշինութեան Նախարարութեան հետ Արամ Սրբազանի կատարած շփումներուն որպէս արդիւնք սահմանուած յատկացումով կարելի եղած էր կատարել եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն։ 

Ապա կատարուեցաւ Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։ 

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın