Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը, որ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութեանց առթիւ Տիգրանակերտ կը գտնուի, 7 Մայիս 2022, Ուրբաթ, միջօրէին այցելեց շրջանի այլ եկեղեցիները։
Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը եւ ընկերակիցնեը այցելեցին պատմական Սուր քաղաքամասի Ս. Աստուածածին Ասորի եւ Մար Փեթիուն Քաղդէացի եկեղեցիները, որոնք պաշտամունքի բաց ըլլալով միշտ պատրաստ կը գտնուին արարողութեանց համար։
Մարտինի եւ Տիգրանակերտի շրջակայից Ասորւոց Մոր Սալիպա Մետրոպոլիտը, որ հրաւիրեալներէն էր բացման հանդիսութեան, տեղեկանալով Նորին Ամենապատուութեան այցին, տաճարի մուտքին դիմաւորեց մեր Հոգեւոր Պետը։
Պատրիարք Հայրը իր ուխտի աղօթքը ըրաւ եւ իր ընկերակիցներով հիւրասիրուեցաւ եկեղեցւոյ պաշտօնարանին մէջ։
Այցելութեանց վերջին կայանն էր Քաղդէացւոց Մար Փէթիուն Եկեղեցին, որ դրկից է Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ։ Այս եկեղեցին եւս, որ զինեալ բաղխումներու հետեւանքով ծանրօրէն վնասուած էր, վերանորոգուելով գրեթէ պատրաստ է պաշտամունքի վերաբացման։
Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները այցելութեանց աւարտին վերադարձան Ս. Կիրակոս Եկեղեցի։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun