İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ԽՕՍՔԸ

Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Մեծայարգ Նախարար Մէհմէտ Նուրի Էրսօյ

Տիյարպաքըրի Մեծայարգ Կուսակալ Միւնիր Քարալօղլու

Վաքըֆներու Մեծայարգ  Ընդհանուր Տնօրէն Պուրհան Էրսօյ

Սուրի Յարգարժան Գաւառապետ

Պետական Աւագանիի մեծայարգ ներկայացուցիչներ, մամլոյ աշխատակիցներ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, քոյր Ասորի Եկեղեցւոյ մետրոպոլիտներ Գերժ. Մոր Սալիպա Էօզմէն եւ Մոր Մելքի Իւրէք, հոգեւորական եղբայրներ եւ յարգելի ներկաներ,

Այս պատմական օրուան առթիւ Ձեզի հետ բաժնեկից ըլլալու գոհունակութիւնն ու հրճուանքը ունիմ։ Համավարակի ամէն տեսակի սահմանափակումներէն ետք, պպաշտամունքի վերաբացման այսքան մեծ արարողութիւն մը պատմական արժէք կը զգենու։ Մենք Պոլիսէն եւ այլ վայրերէ գալով այս պատմական դէպքին մասնակից դառնալու բարեբախտութիւնը ունեցանք, որուն համար Ամենակալին Աստուծոյ գոհութիւն եւ փառք կը մատուցանենք։

Իւրաքանչիւր աղօթատեղի ունի տարբեր անհատականութիւն։ Այս եկեղեցին եւս աղօթատեղի մըն է, որ ունի անհատականութիւն, պատկանելիութիւն։ Ոչ հիմա, սակայն անցեալին քաղաքակրթութեան մը գագաթնակէտ ըլլալու չափանիշն էր աղօթատեղիներու փառքը։ Այս առումով մարդիկ իրենց արուեստի եւ հարստութեան բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէին աղօթատեղիներ հաստատելու եւ զանոնք բարեզարդելու համար։ Որովհետեւ հին ժամանակներու մարդիկ գիտէին որ կեանքը Աստուծմէ շնորհուած պարգեւ մըն է եւ իրենց պաշտամունք կատարած աղօթատեղիները Աստուծոյ նուիրաբերուած ընծաներ։ Տիգրանակերտցի հայեր ալ ճիշդ այս բանն է որ ըրին. Հայ ժողովուրդի եւ իր եկեղեցիին մինչեւ այդ օրերուն հասած քաղաքարթութեան եւ այս հողերու վրայ գոյացած մշակոյթի մեծ համադրութեան մը յոււշարձանը կանգնել եւ այդ ընծայել երկնքի եւ երկրի Արարչին՝ Աստուծոյ։ Միջին Արեւելքի Հայոց մեծագոյն Եկեղեցին կառուցումը պսակը եղաւ Տիգրանակերտի հայերուն օրհնեալ այս փափաքին։

Եկեղեցւոյ անուան առաջին անգամ կը հանդիպինք 1610-1615 տարիներուն Սիմէոն Լեհացի պատմիչի ուղեգրութեան մէջ։ Հայ ճարտարապետութեան կարեւոր կոթողներէն մին է Ս. Կիրակոս Եկեղեցին, որ 1722ին վերանորոգուած, ապա 1729ին Հայ ճարտարապետներ՝ Շահինի, Սարուխանի եւ Երամի կողմէ ընդարձակուելով վերակառուցուած է։

10 Յունիս 1881իմեծ հրդեհին հրոյ ճարակ դառնալով, 1883ին վերակառուցուած է։ Եկեղեցին, 1915էն ետք, ինչպէս Տիգրանակերտցի հայերը, նոյնպէս Անատոլուն տակնուվրայ ընող քաղաքական ուրականի ճիշդ մէջտեղը մնաց։ Ժողովուրդը գաղթեց։ Դռները պաշտամունքի փակուեցան։ 1915ին վնասուած եկեղեցին, Առաջին Աշխարհամարտին, Գերման սպաներու կողմէ գործածուեցաւ, որպէս սպայակոյտի կեդրոն։ Ապա գործածուեցաւ որպէս Սիւմէրպանքի բամպակի մթերանոց։ 1960-էն սկսեալ պաշտամունքի վերաբացուած եւ 3000 քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ կառուցուած Հայոց Ս. Կիրակոս Եկեղեցին մասնաւորաբար 1980-էն սկսեալ քաղաքաբնակ հայերու զանազան պատճառներով դէպի արեւմտեան նահանգներ եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներ գաղթին պատճառաւ լքուեցաւ։ Համայնքէ նօսրացած ըլլալու պատճառաւ արարողութեանց կատարումը կանգ առաւ եւ մերթ ընդ մերթ պատահած գողութեան դէպքերով նաեւ անխնամութեան պատճառաւ տանիքի որոշ մասերը փուլ եկան եւ եկեղեցին անգործածելի վիճակի մատնուեցաւ։ 1980-էն յետոյ երբ տանիքը ամբողջութեամբ փուլ եկաւ, այստեղ խիստ փոքրաթիւ համայնք մը կար։ Եկեղեցւոյ տանիքի փուլ գալը յանկարծ չէ որ պատահեցաւ։ Սոյն փուլ գալու վիճակը Պատրիարքական Աթոռոյ, Տիգրանակերտցիներու, Ստանպուլի եւ ողջ աշխարհի Հայերու խիղճը կը վիրաւորէր։

Երբ հասանք 2011 թուականին, օրուան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ, ի ծնէ Տիգրանակերտցի Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան լծուեցաւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան գործին։ Էրկուն Այըքի ատենապետութեամբ վերակազմուած ծխական խորհուրդին հետ գործակցաբար, թէ երկրի մէջ եւ թէ արտերկրեայ շփումներով խիստ մեծածախս նորոգութեան գործընթացք մը յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Հայ համայնքի մեծ ջանքերով եւ Տիյարպաքըրի մայր քաղաքապետութեան աջակցութեամբ, եկեղեցւոյ վերանորոգութեան գործը 2011ի վերջաւորութեան իր աւարտին հասած ըլլալով պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։

Հազիւ հինգ տարի անցած, այս անգամ զինեալ բաղխումներու պատճառաւ եկեղեցին անգամ մը եւս ծանրօրէն վնասուելով, անգործածելի դարձաւ։ Սակայն նկատելով, որ նոր վերանորոգութեան մը համար պիւտճէ մը ստեղծել անկարելի էր, Արամ Սրբազանի Շրջապատի եւ Քաղաքաշինութեան Նախարարութեան հետ կատարած շփումներուն որպէս արդիւնք սահմանուած յատկացումով կարելի եղաւ կատարել եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը։ Հետեւաբար, այսօր, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր թանկագին եղբօր՝ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, որ այս եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման գործընթացին ներդրում ունեցաւ իր ծառայութեամբ ու ջանքերով։ Շնորհակալութիւն նաեւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին, յանձին Ատենապետ Էրկուն Այըքի, որ աջակցեցաւ եւ զօրավիգ կանգնեցաւ Սրբազանին։ Վստահ ենք, որ այսօր մեծապէս երջանիկ են արդարօրէն։

Եկեղեցւոյ նախորդ վերանորոգութիւնը արժանացած է Եւրոմիութեան Մշակութային ժառանգի մրցանակ – Europa Nostra 2015 մրցանակին, որ Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան ծիրէն ներս ամենահեղինակաւոր մրցանակն է։ 263 անհատներու եւ կազմակերպութիւններու դիմումներէն մրցանակով պսակուած են 28 նախագիծեր։ Թուրքիայէն սոյն մրցանակի արժանացած է Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին։ Մրցանակի գլխաւոր պատճառներէն մին էր Եւրոպացիներու եւ դատակազմի կարեւորութիւն ընծայած մէկ թեման, ըստ որում յետ վերանորոգութեան կառոյցը առիթ պիտի ընծայէր յատուկ հաւաքականութեան մը հոսքը ապահովելու եւ այդ միջոցով մարդոց իրարու միջեւ յարաբերութիւնը ջերմացնելու։ Այս մրցանակի ստացման մէջ կարեւոր դեր ունեցան եկեղեցւոյ շուրջ կատարուած ընկերային գործունէութիւնները ինչպէս նաեւ հարիւր տարուան ընթացքին խոր հոգեցնցումներ ապրած մարդոց իրարու քիչ մը եւս մերձենալը։

Բարօր քաղաքի մը մէջ փլուզման լքուած պատմական կառոյցներ անկարութեան մատնուած ըլլալու նշաններն են։ Նիւթական կարելիութիւններու տէր երկրի մը կամ քաղաքի մը իր մշակութային արժէքները իր ճակատագրին թողուլը կը նկատուի դիտումնաւոր կամայականութիւն։ Պատմական կառոյցները ամէն երկրի համար ցուցափեղկեր են։ Տարբեր շրջաններու, ազգերու եւ կրօններու յատուկ կոթողներու պահպանութիւնը ցուցիչն է քաղաքակրթութեան, մանաւանդ հասունցած եւ յառաջդիմած քաղաքակրթութեան։ Այս մտահոգութիւններով, մեր պետութիւնը հաւասարութեան սկզբունքով, մզկիթներու նման, եկեղեցիներու եւս իր օժանդակութեան ձեռքը երկարելով ցոյց  տուած է թէ լաւագոյնս ըմբռնած է սոյն նիւթին կարեւորութիւնը։

Մինչեւ շուրջ քսան տարի առաջ, քրիստոնեաներու յատուկ բազում փառաւոր եկեղեցիներ եւ պատմական կառոյցներ երեսի վրայ թողուելով փլուզուելու վտանգին յանձնուած էր։ Անոնք կամ ժամանակով ինքնաբերաբար պիտի ոչնչանային եւ կամ այս երկիրը պիտի շահէր զանոնք որպէս մարդկութեան ժառանգ։ Այս ուղղութեամբ պետութիւնը պիտի որոշէր։ Շրջանի ոգին նոր հասկացողութեամբ մը, Աքփարթիական կարավարութիւնը կը մղէր չփորձուածը փորձելու։ Նոր Թուրքիան չփորձուած նոր ճանապարհներն ու միջոցները պետական մտահայեցողութեան համար հարկաւոր կը նկատէր։ Անատոլուի հարուստ եւ բազմերանգ պատմութեան ցուցադրուիլը, Թուրք ազգը կազմող տարբեր ժողովուրդներու, լեզուներու, կրօններու, դաւանանքներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը որպէս հարստութիւն ընկալուիլը, տարբերութիւնները երկրի համար որպէս շահ տեսնելու հասկացողութեան առջեւ դռները մինչեւ վերջ կը բանար։ Անշուշտ, որ պետութեան վերին մարմիններէն կայացած դրական որոշումներու տեղական կիրառումները դիւրին չէր ըլլար։ Փոփոխութեան շարժման սկիզբ տալու համար կարիքը կար տեսլականի տէր եւ նախատեսութեամբ օժտուած պետական պաշտօնատարներու, նախարարներու, կուսակալներու եւ քաղաքապետներու։

Մեծայարգ Նախարար Մէհմէտ Նուրի Էրսօյ, որպէս Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարար ձեր յառաջ տարած աշխատանքները նորարար ոգին մարմնաւորելու առումով մեծապէս գնահատանքի արժանի են։ Ձեր աշխատանքային բազմազբաղ դրութեան մէջ բացման այս հանդիսութեան ձեր մասնակցութիւնը շօշափելի նշանն է մեր պետութեան այս նիւթին հանդէպ ընծայած կարեւորութեան։ Մեր սէրն ու ակնածանքը հաճեցէք հաղորդել Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, որ անձնապէս հետաքրքրուեցաւ բացման այս հանդիսութեամբ եւ քաջալերեց ձեր մասնակցութիւնը։ Հայ հայրենակիցներ կ’աղօթեն Նորին Վսեմութեան առողջութեան համար։

Այս առթիւ մեր անհատական եւ Տիգրանակերտցի հայրու շնորհակալութիւններն ու շնորհաւորութիւնները կը յայտնեմ Տիյարպաքըրի մեծայարգ կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուի, որուն կը պարտինք այս փառաւոր օրը։ Յանձին մեծայարգ Կուսակալի, մեր պետութիւնը այս յաջողութեամբ անգամ մը եւս փառքով պսակուեցաւ։ Քաջ գիտենք եւ կը գնահատենք, որ այս եկեղեցւոյ վերանորոգութեամբ սրտանց հետաքրքրուեցաք, մշտական այցելութիւններով գործընթացը հետապնդեցիք, նաեւ ամէն տեսակի աջակցութիւն ընձեռեցիք։ Դուք ունիք Տիյարպաքըրի մշակութային եւ պատմական կառոյցը ամենափառաւոր կերպով վերականգնելու տեսլականն ու կեցուածքը, որոնց կարիքն ունի թէ այս քաղաքը ւ թէ համայն Թուրքիան։ Կը խնդրեմ, որ շարունակէք ձեր այս կեցուածքն ու թանկագին ծառայութիւնները՝ առանց դանդաղեցնելու։ Մեր սրտագին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք ձեզի, որ Տիյարպաքըրի մէջ լուրջ վերանորոգութեան կարօտ մեր Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ նկատմամբ եւս կը ցուցաբերէք քաջալերող կեցուածք։ Մեծայարգ Նախարարի ալ աջակցութեամբ վստահ ենք, որ սոյն շինիչ ձեռնարկին համար եւս պիտի կարենանք անհրաժեշտ նիւթական աջակցութիւնը ապահովել եւ մշակութային այլ կոթող մը եւս վերականգնելով այսօրուան նման յաջողութեամբ պիտի պսակենք։

Տիյարպաքըրը, իր պատմութեան վերջին 1700 տարուան ընթացքին միշտ եղած է կարեւոր Քրիստոնեայ հաւաքականութեամբ բնակավայր մը։ Երբ նպատակադրուած է Տիյարպաքըրը աշխարհի զբօսաշրջութեան առջեւ բանալ, Հայ, Ասորի եւ Քաղդէացի եկեղեցիները քաղաքին շահեցնելու կարեւորութիւնը ամենաբարձր մակարդակով դո՛ւք կը գնահատէք։ Կը շնորհաւորենք այս ուղղութեամբ ձեր ցուցաբերած քաջութիւնն ու նախատեսութիւնը։

Անշուշտ, թէ այս բացումը Տիյարպաքըրցի հայերու համար տօնական օր մըն է անկասկած։ Տիյարպաքըրի հետզհետէ նուազող Քրիստոնեայ մնացորդացին համար այս եկեղեցւոյ բացումը աւիշի մասնայատկութիւնը ունի։ Հայաշխարհի համար Թուրք եւ Հայ յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով կարեւոր եւ իմաստալից բարեկամութեան պատգամ մը ունի։ Թուրք եւ Հայ յարաբերութեանց հազարամեայ շրջանին փայլուն եւ դրական դէպքեր եւ ապրումներ կան։ Այնպէս, որ կը հաւատանք թէ յետագային հաստատելի բարեկամական կամուրջներու համար կարեւոր են որ այդ բոլորը յառաջ քշուին։

Պաշտամունքի վերաբացուած այս եկեղեցին պէտք է արժեւորել որպէս բարիդրացիական յուշարձան Հայերու, Թուրքերու եւ Քիւրտերու, Քրիստոնեաներու եւ Մահմետականներու միջեւ։

Դժբախտաբար Անատոլուի բազմաթիւ վայրերէն հայկական պատմական կոթողներու նկատմամբ յուզիչ լուրեր կը ստանանք։ Եկեղեցիներ եւ վանքեր գանձախոյզերու կողմէ կը փորուին, մեր գերեզմաններուն նկատմամբ յարգանք ու խնամք չի ցուցացբերուիր։ Պատմական կոթողները ամէն երկրի համար ոսկեայ հաւկիթ ածող հաւերու կը նմանին։ Այս կոթողներու հողէն վեր մնացած մասերը զբօսաշրջական գանձեր ըլլալով, մշտական եկամուտի աղբիւրներ են։ Կը յուսանք, Տիյարպաքըրի ժողովուրդի ու վարիչներու գոյացուցած այս հանդուրժողականութեան մթնոլորտը վարակիչ կ’ըլլայ եւ մենք Անատոլուի զանազան անկիւններուն, պետութեան խնամածու ձեռամբ նորոգուած եկեղեցիներու, վանքերու եւ պահպանուած  խնամեալ գերեզմաններու մասին կը խօսինք։ Եւ այս է որ կը վայելէ Թուրքիոյ։

Այս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան գործընթացը Պոլսեբնակ Տիյարպաքըրցիներու միջեւ ոգեւորութիւն եւ աշխուժութիւն յառաջ բերած է։ Կը մաղթենք, որ շարունակական ըլլայ այս ոգեւորութիւնը եւ քաջալերական կեցուածքը։

Սիրելի Տիյարպաքըրցի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այս ուրախ օրուան առթիւ սիրով առլցուն կը շնորհաւորեմ բոլորդ։ Այս եկեղեցին միակ կառոյցն է, որր Տիյարպաքըրի հետ ձեր ունեցած յիշատակները վառ պիտի պահէ։ Հոգելոյս Մկրտիչ Մարկոսեանի վարպետ գրիչովը նկարագրած «Կեավուր Մահալլէսի»ի վերջին յուշարձանն է։ Արժէքը գիտցէք, խնամեցէք, կարիքներովը հետաքրքրուեցէք եւ ծխական խորհուրդը քաջալերեցէք։

Յետ այսու ձեր պաշտամունքները պիտի կրնաք աւելի յաճախակիօրէն կատարել։ Իրարու միջեւ եւ այլ հայերու հետ ձեր կապը պիտի զօրանայ։ Այս եկեղեցին բացի պաշտամունքէ, ունի նաեւ մշակութային եւ զբօսաշրջական ծառայութիւն մը, որ եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը պիտի բազմապատկէ։ Որպէս ձեր պատրիարքը, այս գեղեցիկ օրը ձեզ հետ բաժնեկից ըլլալու երջանկութիւնը ունիմ։ Այս օրհնեալ գործին բոլոր երախտաւորները սիրով եւ յարգանքով կ’ողջունեմ ու կը շնորհաւորեմ։ Աստուած օրհնէ այս ջանքերը։ Աստուած, այս եկեղեցին կառուցող եւ այստեղ պաշտամունք կատարող մեր նախահայրերուն ու նախամայրերուն հոգիները լուսաւորէ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın