Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութեանց մասնակցելիք հոգեւորհայրեր 6 Մայիս 2022, Ուրբաթ առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցան Տիյարպաքըր։
Նոյն առթիւ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի՝ քաղաքսժամանած Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, ինչպէս նաեւՊատրիարքական Աթոռոյս միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Հոգշ. Տ. ՅովակիմԱբղ. Սերովբեան, քահանայից դասէն՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան միջօրէին հասան Տիյարպաքըր, ուր հիւրանոց հանդիպելէ անմիջապէս ետք, փութացինՍ. Կիրակոս Եկեղեցի։
Հոգեւոր հայրեր Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ Պատրիարք Հօր ներկայացան, ապա լծուեցան եկեղեցինպաշտամունքի վերաբացման համար անհրաժեշտ կարգադրութեանց։
Նոյն երեկոյեան, Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրանոցի մէջ գլխաւորեց հոգեւոր հայրերու եւմասնակիցներու ընթրիքի սեղանը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun