Տիգրանակերտի վերանորոգուած ու բարեզարդուած Ս. Կիրակոս Եկեղեցին, պաշտամունքիվերաբանալու համար Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը 5 Մայիս 2022, Հինգշաբթի երեկոյեանօդային ճամբով մեկնեցաւ Տիյարպաքըր, ուր դիմաւորուեցաւ պատուոյ սրահին մէջ։ ՆորինԱմենապատուութեան կ’ընկերանային Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ՊատրիարքականՓոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդուեցաւ հիւրանոց։
6 Մայիս 2022, Ուրբաթ Ժամը 11.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ԱտենապետԷրկիւն Այըքի, այցելեց Կուսակալութիւն, ուր ընդունուեցաւ Կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուի կողմէ։Սոյն հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Տիյարպաքըրիներկայացուցիչ Աւագ Դեսպան Իպրահիմ Եաղլը։
Մեծայարգ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան եւ հիւրերուն։
Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց Կուսակալութեան եւ Կուսակալի անձին մէջպատկան մարմիններուն, որոնք Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան, բարեզարդման եւշրջակայքի կանոնաւորման համար ջերմ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էին։
Հանդիպման ընթացքին մեծայարգ Կուսակալը ընդարձակ բացատրութիւններ տուաւ նաեւ քաղաքիՍ. Սարգիս Եկեղեցւոյ մասին ծրագրուած վերականգնման աշխատանքներու մասին։Կուսակալութեան միջոցներով պատրաստուած էր նաեւ վերականգնման ծրագիր մը, որ արդէն իսկընդունելութիւն գտած էր եւ Մայիս ամսուան ընթացքին կը նախատեսուէր վաւերացումը։
Կուսակալ Քարալօղլու հանդիպումին հրաւիրեց նաեւ Վաքըֆներու տնօրէնութեանպատասխանատուն, որ տեսալսողական ընդարձակ ներկայացումով մը տեղեկութիւններփոխանցեց ներկաներուն։ Եկեղեցւոյ վերականգնման մասին խորհրդակցութիւններ տեղի պիտիունենան նաեւ ապագային։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun