İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈՎՆԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՔԱՂԱՔՍ

Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեանը, զոր Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերաբացման արարաղութեան առթիւ պիտի ներկայացնէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, 4 Մայիս 2022, Չորեքշաբթի, օդային ճամբով հասաւ Ստանպուլ եւ դիմաւորուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի կողմէ։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նոյն օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց հիւր Սրբազան Հայրը։ Հանդիպման ընթացքին, Յովնան Եպիսկոպոս, Պատրիարք Հօր փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւններն ու եղբայրական ողջոյնները եւ յայտնեց, թէ՝ սոյն հանգրուանին ներկայ գտնուիլը մեծ ուրախութիւն էր իրեն համար։ Պատրիարք Հայրը, բարի գալուստ մաղթեց Յովնան Եպիսկոպոսին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ներկայութեան համար։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին, մեր Հոգեւոր Պետը տեղեկութիւն փոխանցեց նաեւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մասին եւ մաղթեց որ շաբաթավերջի հանդիսութիւնները լաւագոյնս կատարուին։

Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Կիրակոս Եկեղեցին յետ վերաշինութեան եւ բարեզարդման աշխատութեանց այս շաբաթավերջին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ պաշտօնապէս պաշտամունքի պիտի վերաբացուի հանդիսաւոր արարողութիւններով։ 

Յովնան Եպիսկոպոս, շաբաթավերջին պիտի ուղղուի դէպի Տիգրանակերտ, իսկ Պոլսոյ մէջ իր կեցութեան ընթացքին պիտի իջեւանի Պատրիարքարանի մէջ ու պիտի վերադառնայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın