Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, գաւառի մեր համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան 30 Ապրիլ 2022, Շաբաթ, այցելեց Էլազըղ եւ տեղւոյն Ասորւոց Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց։
Էլազըղի Հայ հաւատացեալներուն համար մատուցուած Ս. Պատարագին սպասարկեց Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան։ Ներկայ եղաւ եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Մուսա Վրդ. Տաղ։
Տէր Հայրը նախ ողջունեց մերազն հաւատացեալները եւ փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները, ապա խրատական խօսեցաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան մասին։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Տէր Հայրը այցելեց գերեզմանատուն, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ։ Ապա մէկտեղուեցաւ հաւատացեալներու հետ եւ հիւանդներու այցելութիւն տուաւ։
Տէրր Հայրը յաջորդ առաւօտ՝ 1 Մայիս 2022, Կիրակի, Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատան Սուրբ Յարութիւն մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատոյց։
Տէր Հայրը այստեղ եւս ողջունեց մերազն հաւատացեալները եւ փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները, ապա խրատական խօսեցաւ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ նախ տնօրհնէք, ապա՝ ընդհանուր հոգեհանգիստ։ Տէր Հայրը Մալաթիոյ մէջ եւս մէկտեղուեցաւ մերազն հաւատացեալներու հետ, հիւանդներու այցելեց եւ անոնց Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց։
Տէր Հայրը այս այցելութիւններէն յետոյ պիտի վերադառնայ Իսկէնտէրուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun