İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԷՅԻՒՊԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ինչպէս ծանօթ է, արուարձանային այլ եկեղեցիներու նման, Էյիւպի մեր երկու եկեղեցիներն ալայսօր զուրկ են թաղեցիներէ։ Այս իսկ պատճառաւ, վերջին տարիներուն աւանդութիւն դարձաւԷյիւպի Իսլամպէյ թաղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ ամսուան վերջին շաբաթ առաւօտ Ս. Պատարագի մատուցումը։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը թագաժահրի համավարակի պատճառաւ երկար ատեն առիթըչէր ունեցած այցելելու սոյն գողտրիկ եկեղեցին։

Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, Նորին Ամենապատուութիւնը 30 Ապրիլ 2022, Շաբաթ առաւօտժամանեց Էյիւպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին եւ դրան առջեւ դիմաւորուեցաւ Եկեղեցւոյ հոգեւորհովիւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի եւ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ ատենապետ Արթօ Արմանի։

Եկեղեցւոյ մուտքին աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, Նորին Ամենապատուութիւնընախագահեց արարողութեան։ Ներկայ էր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղան։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեան, Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան, Բրկ. Գրիգոր Էրքան Կսրկ. Կարապետեան, Բրկ. Մուրատ Կսրկ. Այքար, Բրկ. Հերման Ուր. Դպ. Արզուման, Բրկ. Սարգիս Ուր. Դպ. Բարսեղեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցինՊատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ  Դպրաց խումբի անդամները, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, նիւթ ունենալով մեռելոցյարութիւնը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբկատարուեցաւ Զատկական տնօրհնէք։

Ապա հոգեւորականներ, դպիրներ ու հաւատացեալներ մէկտեղուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın