İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Ապրիլ 2022, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին ընդունեց Պէյօղլուի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի Տնօրէն Խորհուրդի անդամները եւ երգչախումբի վարիչ՝ Յակոբ Մամիկոնեանը։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը հետաքրքրուեցաւ իրենց աշխատանքներով եւ գնահատեց երգչախումբի անդամներու առողջ կեցուածքը, որոնք կը ցուցաբերէին իրենց վարիչին կողքին կանգնելով։ Տնօրէն Խորհուրդի անդամները իրենց կարգին համոզիչ բացատրութիւններ տուին երգչախումբի հասցէին զանազան շրջանակներէ եղած ժխտական արտայայտութեանց մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը յստակ կերպով գնահատեց զիրենք, որ նախանձախնդրութեամբ կը փափաքէին մնալ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ վրայ։ Դարձեալ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Տնօրէն Խորհուրդի եւ վարիչ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի առանց նիւթական ակնկալութեամբ տարած սիրայօժար աշխատանքներուն համար։

Յակոբ Մամիկոնեան Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց «Կոմիտաս» թատերախաղին որ կը բեմադրուէր Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ (Մեսրոպ Պատրիարք Մշակոյթի Կեդրոն) մէջ, բեմադրութեամբ՝ Էրսին Ումութ Կիւլէրի եւ միակ դերակատար՝ Ֆէհմի Քարաարսլանի  մասնակցութեամբ։ Իսկ Լուսաւորիչ Երգչախումբի անդամները վարագոյրի ետեւէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Կոմիտաս Վարդապետի հոգեւոր եւ աշխարհիկ խմբերգներով։ Այս ներկայացումը վերջերբ արժանացած էր երկու մրցանակներու։ Մեր Հոգեւոր Պետը, իր գնահատանքը յայտնեց ձեռք բերուած այս յաջողութեան համար եւ խոստացաւ առաջին առթիւ ներկայ գտնուիլ սոյն ներկայացման։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը թելադրեց, որ ինչ որ ալ ըլլան պայմանները պահեն իրենց միասնականութիւնը եւ հաւատարմութեամբ շարունակեն իրենց եկեղեցաշէն ու համայնքանուէր աշխատանքները։

Տնօրէն Խորհուրդի անդամները եւ Յակոբ Մամիկոնեան իրենց որդիական ակնածանքը եւ շնորհակալութիւնները յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հայրական մերձեցման եւ թելադրութիւններուն համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın