Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 28 Ապրիլ 2022, Հինգշաբթի, ընդունեց Գուրւչէշմէյի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանը եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Իրմա Փոլատը։
Հիւրերը տեղեկութիւններ տուին իրենց թաղին հետ առընչուած գործունէութեանց մասին եւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որ կը զուգադիպի Երեւման Ս. Խաչի Կիրակիին։
Մեր Հոգեւոր Պետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած տեղեկութեանց համար եւ տուաւ իր օրհնութիւնը։
Այցելուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun