İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Է. ՄԱՔՐՈՆԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի ուղղած յատուկ նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շնորհաւորեց անոր վերընտրութիւնը որպէս նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան:

Խօսելով ներկայ ժամանակներու տագնապներու մասին՝ Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեցուց, թէ «Ֆրանսան ճշդորոշիչ դեր ունի ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ», աւելցնելով՝ թէ «Ֆրանսան իբրեւ խորհրդանիշ արդարութեան, բազմազանութեան եւ մարդկային իրաւանց, կոչուած է իր դերը վերաշեշտել, յատկապէս Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ ի խնդիր մարդկային իրաւանց եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան»:

Ապա, գնահատելով նախագահ Մաքրոնի զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին՝ կոչ ուղղեց, որ «Ֆրանսան շարունակէ իր զօրակցութիւնը ի խնդիր Արցախի անկախութեան եւ Հայաստանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան պաշտպանութեան»:

Ֆրանսայի դերը Լիբանանի համար կենսական նկատելով՝ Նորին Ս. Օծութիւնը յոյս յայտնեց, որ «Լիբանանը շարունակէ մնալ նախագահին կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը, յատկապէս Լիբանանի պատմութեան ներկայ ճակատագրական շրջանին»:

Աղբիւր։  His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın