İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՕՂԱՆ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ ՍԱՐՔԵՑ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռէճէփ Թայյիպ Էրտօղան 26 Ապրիլ 2022, Երկուշաբթի գիշեր Պէշթէփէի Նախագահական Ապարանքին մէջ իֆթարի սեղան մը սարքեց, որուն մասնակցեցան փոքրասնական համայնքներու պետեր ու ներկայացուցիչներ։ 

Սոյն սեղանին մասնակիցներու շարքին էր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ ԷՐՎԱՊ-ի Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ հոգաբարձութեան անդամ Հերման Պալեան, Աքփարթի Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Բաց աստի, սեղանին մասնակից էին Կրօնից Տեսուչ Փրոֆ. Տքթ. Ալի Էրպաշ, Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Չէթին Մետրոպոլիտ, Գատըգիւղի Յունաց Էմմանուէլ Սրբազան Մետրոպոլիտը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպս.ը, Հրէից Խախամապետ Րավ Իցհաք Հալէվա եւ այլ աշխարհական վարիչներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն առթիւ միջօրէին ցամաքի ճամբաւ մեկնեցաւ մայրաքաղաք, իր հետն ունենալով գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։

Մեր Հոգեւոր Պետը վաղը կը վերադառնայ Աթոռ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın