İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԵՀԵՄԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՐՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 2022 թուականին Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորումը (ՀԵՀԵՄ) աշխոյժ գործունէութիւնը կը ծաւալէ՝ համաթեմական, տարածաշրջանային եւ համաթեմական ծրագիրները կեանքի կոչելով։ Օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ ՀԵՀԵՄ-ի գործունէութեան։

Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորումը (ՀԵՀԵՄ)

Այնուհետեւ, 23 Ապրիլ 2022, ՀԵՀԵՄի Ատենապետներու Երրորդ Ժողովը գումարուեցաւ նախագահութեամբ՝ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի։ Ժողովին մասնակցեցան Հայաստանի եւ սփիւռքի 25 թեմերէն շուրջ քառասուն երիտասարդներ եւ հոգեւոր պատասխանատուներ։ Սոյն աշխատաժողովին յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս մասնակցեցաւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։

Հանդիպման բացման խօսքը արտասանեց Սրբազան Հայրը եւ նշեց, որ այս անգամ ժողովը առաւելապէս տեղեկատուական բնոյթ կը կրէ եւ հինմական օրակարգն է յառաջիկայ Յուլիսին նախատեսուած համահայկական ուխտագնացութիւնը, բովանդակութիւնը եւ կազմակերպչական հարցերը։ Սրբազան Հայրը, բարձրօրէն գնահատեց 2022ին տեղի ունեցած տարածաշրջանային ֆորումները եւ զանոնք պաշտաճօրէն կազկապերպած ՀԵՀԵՄ կեդրոնական գրասենեակի ողջ անձնակազմին շնորհակալութիւն յայտնեց։

ՀԵՀԵՄ Կեդրոնական Գրասենեակի Հասարակական Կառոյցներու գծով փոխ-տնօրէն Անկէլինա Այէքսանեանը, ներկայացուց ՀԵՀԵՄ ընդհանուր ուղենիշին մէջ տեղ գտած լրամշակումները։ Ուղենիշին մէջ սահմանուած են ՀԵՀԵՄ-ի առաքելութիւնը, գործունէութեան ոլորտը եւ ռազմավարական նպատակները։

Ապա՝ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Տեսուչ եւ Կեդրոնական Գրասենեակի Տնօրէն՝ Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան, իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն ժողովի գործօն մասնակցութեան համար եւ այս մէկը որակեց իրենց աշխատութեան հանդէպ եղած ամենամեծ գնահատանքը։

Այնուհետեւ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ, 6-10 Յուլիսին նախատեսուած համահայկական ուխտագնացութեան բովանդակութեան եւ կազմակերպչական հարցերուն։ Ուխտագնացութեան չորս օրերուն երկուքը պիտի յատկացուին երիտասարդական աշխատանոցներու, իսկ երկուքը՝ ուխտագնացութեանց։ Այսպէս տասնեակ երիտասարդներ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, յատկապէս առիթը պիտի ունենան Հայաստանի հոգեւոր սրբութեանց մօտ համախմբուելու։ Իսկ ուխտագնացութեան աւարտին, երիտասարդներ պիտի ընդունուին Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին կողմէ եւ պիտի ստանան անոր օրհնութիւնը։

Ատենապետներու Ժողովի մասնակիցները Համահայկական Ուխտագնացութեան հետ կապուած հարցեր ուղղեցին եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ։

Ժողովը իր աւարտին հասաւ օրհնութեամբ եւ Տէրունական Աղօթքով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın