Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 24 Ապրիլ 2022, Նոր Կիրակի յետ միջօրէին, Ս. Զատկի շնորհաւորութեան այց մը տուաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանար Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ այցելեց Սուրբ Գէորգ Աթոռանիստ Տաճար եւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։
Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան Ս. Յարութեան Տօնը։ Երկու հոգեւոր պետեր այս առթիւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց շուրջ ունեցան գաղափարի փոխանակումներ։
Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան, ինչպէս նաեւ Ս. Պատարագին Նորին Ամենապատուութեան ներկայացուցչին մասնակցութեան համար եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Հայ համայնքին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Նորին Սրբութենէն։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա այցելեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Մետրոպոլիտին։
Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Սրբազան Մետրոպոլիտին եւ անոր անձին մէջ Ասորի համայնքի Ս. Յարութեան Տօնը։
Ասորւոց Մետրոպոլիտը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ եղբայրական սիրով բարեմաղթութիւններ ըրաւ Հայ համայնքին։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա այցելեց Սուրբ Աստուածածին Առաջնորդանիստ Եկեղեցին եւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։
*
Յայտնենք, որ ըստ Արեւմտեան Ուղղափառ եկեղեցիներու տեղական աւանդութեան, նոյն առաւօտ կեդրոնական եկեղեցիներու մէջ կատարուեցաւ Ս. Յարութեան Աւետարանի զանազան լեզուներով ընթերցումը։ Նոյն առթիւ, Ֆէնէրի Ս. Գէորգ (Այիոս Եորկիոս) Պատրիարքանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանց մասնակցեցաւ եւ Ս. Աւետարանը հայերէնով կարդաց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Պիւյիւքտէրէի մէջ՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Գատըգիւղի մէջ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Ենիգիւղի մէջ՝ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, իսկ Հալիճի Ս. Ստեփանոս (Սվեթի Սթեֆան) Պուլկար Եկեղեցւոյ մէջ՝ Գրիգոր Էրքան Կսրկ. Կարապետեան։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun