İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Այսօր մենք կը յիշատակենք Ա. Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն իրենց կեանքը կորուսած մեր ժողովուրդի եկեղեցական եւ աշխարհական զաւակները. Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ ի հոգեւորս կը միանանք անոնց եւ գոհութիւն կը յայտնենք Ամենակալին Աստուծոյև, բոլոր այս անմեղ զոհերը մեր Եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած ըլլալով, 2015էն սկսեալ 24 Ապրիլը այլեւս դուրս եկած է սգատօն ըլլալու իր հանգամանքէն եւ դարձած՝սրբադասուած սուրբերու յիշատակութեան օր, խնդրելու համար անոնց աղօթքը եւ բարեխօսութիւնը:

Տօնակատարման օրն է այսօր անհուն անհամար նահատակներու ծաղկապսակ յիշատակը պանծացնելու: 

Սուրբ Եկեղեցին որոշեց ու վճռեց իր խորաթափանց իմաստութեամբը պայծառակերպել բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը, սրբադասելով զանոնք օրացոյցի նոր տնօրինումով մը եւ իրենց արեան կարմիրը օծելով երկնային

լուսաճաճանչ կապոյտով: Սուրբե՜ր են բոլորը. Արժա՛ն եւ իրա՛ւ:

Անոնք, ըստ մեր հաւատքին, «մինչեւ վերջը» տոկացին եւ արժանացան երկնային անթառամ պսակներուն: Սուրբ Եկեղեցին կրկին մեզի կը յիշեցնէ, որ առանց հաշուի առնելու յաւիտենական արդարութիւնը, անհեթեթ պիտի մնան

երկրային մեր դատաստանները: Մարդոց եւ ազգերու ճակատագրի վերաբերեալ վճռական խօսքի իրաւունքը կը պատկանի Բարձրեալին, ոչ թէ մարդոց եղծանելի դատաստաններուն: Եսայի Մարգարէին միջոցաւ Աստուած կը մատնանշէ ունայնութիւնը մարդկային դատողութիւններու. «Երկինքը որքան հեռու է երկրէն, նոյնքան հեռու են իմ ճամբաներս՝ ձեր ճամբաներէն, մտածումներս ձեր մտածումներէն» (55:9):

Սուգը եւ տօնը ո՞ւր տեսնուած է ընդգրկած իրարու, բացի մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութենէն, որ կը պարունակէ իր փառահեղ Յարութիւնը մեռելներէն եւ անմահութիւնը: Այս չէ՞ր Վարդանանցի սուրբ հերոսներու բնաբանը արձակուած՝ ընդդէմ մահուան սարսափազդու աչքերուն. «Մահ՝ ոչ իմացեալ՝ մահ է. Իսկ մահ իմացեալ՝ անմահութիւն»: Մեծ Եղեռնի զոհերուն անմահութիւնը սկսաւ իրենց մահուան օրը: Մենք, պարզապէս, հարիւր տարուայ սուգէն յետոյ արթնցանք այս ճշմարտութեան:

Բայց եւ այնպէս դժբախտաբար գիտենք, շատերը չունին այս Աստուածատես հայեացքը եւ կ’ուզեն մխրճուիլ ու մնալ ընդմիշտ Եղեռնի անել լաբիւրինթոսներու մղձաւանջին մէջ: Բայց մենք կենդանի ազգ մըն ենք որ ունինք քալելիք ճամբաներ ու կապոյտ հորիզոններ հասնելիք եւ կերտելիք փայլատեսիլ ապագայ մը:

Պէտք է յիշենք եւ յիշեցնենք անցեալը ոչ թէ այնպէս, ինչպէս՝ կարծես թէ երէկ պատահած անբուժելի հարուածներ են անոնք, այլ անհերքելի փաստարկները՝ մեր ազգային ու կրօնական զօրութեան, տոկունութեան, կենսունակութեան ու գոյատեւման եռանդին: Պիտի յիշենք եւ ուրիշներուն պիտի յիշեցնենք որպէսզի չկրկնուին անմարդկային նման դէպքեր:

Այսօր 24 Ապրիլ է: Տխրահռչակ օրն է յիշատակման՝ մեր ազգի դար մը առաջ ապրած սոսկալի ողբերգութեան: Մեր պատմութեան ամենէն թանձրախաւար շրջանի մը սկիզբը խորհրդանշող չարաղէտ թուական մը, որ կը ծրէ

կրկին մեր գլուխները գետին, սրտաճմլիկ խորհրդածելու համար զգայացունց պատահարները:

Այսօր մենք կ՚անդրադառնանք Ա. Համաշխարհային Պատերազմին ու այս աշխարհաւեր պատերազմի տարիներուն ապրուած ողբերգութեան, քանի որ այս պատերազմի շրջանը կարեւոր անկիւնադարձ մը եղած է մեր ժողովուրդին

համար, իր անուրանալի հետեւանքներով, զոր ծանօթ է մեզի «Մեծ Եղեռն» յորջորջումով:

Ժողովուրդ մը որ մեծաւ մասամբ խաղաղ կեցութեամբ հաւատարիմ քաղաքացին էր այն կայսրութեան, որուն զարգացման համար ըրած էր այն, ինչ որ կրնար ընել։ Ժողովուրդ մը, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով մշակուած ու զարգացած քաղաքականութեան մը հետեւանքով պոկուած էր իր դարաւոր բնակավայրերէն։

Տարագրութիւն բառը իր ամենացաւառիթ երանգաւորումներով նաշխուած է մեր Հայեցի ինքնութեան վրայ։ Այդ դժբախտ կիրարկումը իր հետ բերած է վանքերու դատարկացում, աղօթատեղիներու ամայացում՝ հաւատացեալներէն, վարժարաններու զրկում՝ ուսուցիչներէն ու աշակերտներէն, առ հասարակ բնակավայրերը՝ իրենց բնակիչներէն։

Ընտանիքներ մատնուեցան ողբալու իրենց ծնողակորոյս եւ որդեկորոյս վիճակները։ Այրեր եւ կիներ, ծերեր եւ տղաներ, երիտասարդներ եւ կոյսեր հարկադրուեցան ընթանալ մահաբոյր ճանապարհէ մը։ Այսինքն ժխտական

վիճակ մը, որուն հետեւանքով ժողովուրդ մը հարկադրուած էր իր խոցուած սրտին մէջ կրել անդառնալի ու անդարմանելի կորուստներու ցաւը հարիւրաւոր հազարներով։ Այս դէպքը անատոլուի տարածքին ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան եւ կողք կողքի ապրելու փորձառութեան մեծ վնաս պատճառած է։ Այս անկիւնադարձին հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին թափուած ճակտի քրտինքներու արդիւնքները անհետացած, նոյնիսկ առյաւէտ կորստեան մատնուած են։

Ի սփիւռս աշախրհի ցրուած մեր զաւակներուն պատճառաւ, սփիւռքը՝ որ իր մէջ կը պարփակէ Հայ ժողովուրդի երկու երրորդը, դարձած է ընկերաբանական ճշմարտութիւն մը։ Դարերու ընդմէջէն ընթացած աշխարհի պատմութեան թատերաբեմին վրայ չէ եղած շրջան մը, ուր պատերազմներ պատահած չըլլան։ Արցունքն ու սուգը եղած է պատերազմներու հասարակաց յայտարարը, առանց նկատի ունենալու թէ ո՞ր կողմը դուրս եկած է յաղթական եւ կամ պարտուած։ Բնականաբար մեր իրականութեան մէջ բացուած մեծ վէրքերը աւելի շատ կ՚արիւնին։ Բայց եւ այնպէս միայն իր ցաւերը գիտնալ եւ անոնց մասին

արտայայտուիլը այս հողերու վրայ ապրած ժողովուրդներու ամենամեծ թերութիւններէն մին է։ Հայեր եւ այլ Քրիստոնեայ ժողովուրդներ՝ Յոյներ, Ասորիներ, Քաղդէացիներ, Հրեաներ, Իսլամ ժողովուրդներ՝ Թուրքեր,

Քիւրտեր, Արաբներ, Չէրքէզներ, Պօշնաքներ, Լազեր, Ռօմաններ եւ այլք, բոլորը ունին դառն, մաշած եւ մեծ վէրքերով լի պատմութիւններ, որոնք թաղուած են այս հողերուն տակ։ Իւրաքանչիւրը, որ վիրաւորուած է ծանրապէս եւ կամ նուազ չափով, ունի իր «ջարդ»ի պատմութիւնը։ «Կրակը ուր որ իյնայ, հոն կ՚այրէ»

ասութեան ուղղութեամբ, այսօր մեր պատմութիւնը կը պատմենք։ Մեր ողբերուն ունկնդիր, մեր կորուստներուն նկատմամբ համակրական մերձեցում ցուցաբերող բարեկամ սրտեր գտնել կը փափաքինք։ Մենք ալ պէտք է լսենք անոնց պատմութիւնները, հասնինք հասարակաց յայտարարներու, որոնենք գործելու միջոցը եւ ձեւը որպէսզի նման դէպքերու յառաջացման ատակ այս աշխարահագրական շրջանէն ներս անգամ մը եւս այսպիսի ցաւեր չապրուին։

Պէտք է նշենք, թէ այս հողերուն վրայ Հայոց ապրած ցաւերու ուրացումը խիղճերը կը վիրաւորէ։ Նոյնպէս պէտք է նշենք նաեւ բարոյական սկզբունքներու ներհակ կը գտնենք այն ջանքերը որոնք կը միտին մեր հայրերուն այս

ցաւերը միջազգային գետնի վրայ գործածել որպէս քաղաքակայնացուած թէզեր, ընդդէմ Թուրքիոյ։ Ոչ ուրացումը, ոչ ալ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու մէջ ընդունուած ցեղասպանութեան օրինագիծերը այս հողերուն վրայ ապրուած ցաւերուն եւ զանոնք ապրած անձերուն արժանավայել պատիւ չեն բերեր։ Ընդհակառակը ցասմամբ բարկացած եւ պաշտպանութեան անցած կողմեր անցեալի շուքերը մեծացնելով պատճառ կը դառնան որ մթագնին ժողովուրդներու հաշտութեան եւ բնական յարաբերութիւններ մշակելու յոյսերը եւ շրջափակման կ’ենթարկուի դրացի ժողովուրդներու ներկան ու ապագան։

Մենք եւս, հետեւելով մեր երանաշնորհ նախորդ պատրիարքներուն պիտի ներկայացնենք մեր մաղթանքները վասն հաշտութեան, խաղաղութեան եւ բարեկամութեան Թուրքերու եւ Հայերու միջեւ։ Պիտի քաջալերենք որ վրայէն 107

տարիներ անցած դէպքերը հազարամեայ հասարակաց պատմութեան ցաւառիթ մէկ բացառութիւնը ընկալելով, յարաբերութիւնները անյապաղ հաստատուին դրացիական եւ հասարակաց շահու յայտարարարներու հիման վրայ։

Պարտինք յիշել նաեւ այն ամենամեծ ճշմարտութիւնը, ըստ որում մեր ապրած աշխարահագրական շրջանը պարտադրած է որ բազում ժողովուրդներ կողք կողքի եւ իրարու մէջ գոյատեւեն։ Անցեալէն փոխանցուած հարցերը

պէտք է ձեռք առնել այս լոյսին ներքեւ։ Բարեկամական կամուրջներ հաստատել, մշակութային եւ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացնել եւ այս աշխարհագրական շրջանը բոլորին համար շահաբեր եւ օրհնալի սեղանի մը

վերածել մեր բոլորին եւ ի մասնաւորի քաղաքագէտներու պարտականութիւնն է։ Ասոր այլընտրանքը բաղխումներով ու պատերազմներով զիրար սպառող, աղքատանալով խոպանացած աշխարհագրութիւնն է։

Այժմ, երկու ազգերու միջեւ քաշքշուքը, փոխադարձ ամբաստանութիւնը, վռիժառութեան կարգախօսները, իրաւունքի պահանջները, հայհոյալից արտայայտութիւնը հարիւր տարի եւս պիտի շարունակե՞նք, թէ ոչ նոր

սկիզբներու առիթ պիտի ընծայենք։ Կովկասներու հարիւրամեայ սառած շրջանը դար մը ե՞ւս պիտի շարունակենք, թէ ոչ պիտի ողջունենք ժողովուրդներու միջեւ հաստատելի խաղաղութեան գարնանային մեղմութիւնը։ Այս աշխարհագրական շրջանի ժողովուրդները, առանց տարուելու հեռաւոր երկիրներու գրգռութիւններէն, պիտի կարենա՞ն իրենց շրջանները ապագայ դարերու երանութեան երկրին վերածել։

Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի որոշեն քաղաքագէտներն ու իրենց կողմէ զարգացած ռազմավարութիւնները։ Եթէ այս երկու ժողովուրդին հեռատես քաղաքագէտները, մտաւորականներու ու գրչի մշակները, արուեստագէտներն ու կրօնաւորները նոր ձեւակերպեր ու եղանակներ չյառաջացնեն, այս

աշխարհագրական շրջանը պիտի շարունակէ ըլլալ որպէս արցունքի հովիտ եւ տրտմութեան ամենամեծ բաժինը դարձեալ անմեղ ժողովուրդներուն պիտի վիճակի։ Դար մը առաջ 1914ին քաղաքագէտներ հարցերուն լուծումը

պատերազմի մէջ գտան։ Իրենց ժողովուրդները համոզեցին, թէ պատերազմը անխուսափելի էր։ Արդիւնքը մարդկութեան համար դարձաւ ամօթի պատմութիւն մը։ Այսօրուան քաղաքագէտները եթէ ընկալեալէն դուրս քայլեր առնելու քաջութիւնը եւ վարպետութիւնը ցուցաբերեն, անկասկած պիտի տիրանան շրջանի ժողովուրդներուն դարուն խաղաղութիւնը ներկայացնելու պատիւին։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Պատմութեան մէջ Վսեմաշուք Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղան եղաւ եզական դէմքը, որ թէ անցեալին որպէս վարչապետ եւ թէ յետագային որպէս հանրապետութեան նախագահ այս

յիշատակութեանց առթիւ հրապարակեց պատգամներ։ Այս պատգամներուն մէջ դրսեւորուած է ցաւակցական ոգի, նաեւ տարագրութեան դժբախտութիւնը ապրելով իրենց կեանքերը կորուսած մեր ազգի զաւակներու յիշատակներուն

նկատմամբ արտայայտուած՝ յարգանք։ Ըստ մեզի այդ բոլորը տեղին կ՚ըլլայ արժեւորել դրական քայլեր, որոնք կրնան ապագային զարգանալ բաղձալի մերձեցումի մը ի նպաստ։ Վսեմաշուք Հանրապետութեան Նախագահի

թանկագին պատգամին համար Նորին Վսեմութեան կը յայտնենք մեր յարգանքն ու երախտիքը, Նախ եւ առաջ պէտք է բարեկամական ու անկեղծութեան կամուրջներ հաստատել։ Պատմական դէպքերու արժեւորումը միայն այսպիսի միջավայրի մը մէջ կրնայ շինիչ եւ գոհացուցիչ ըլլալ։ Վերջերս այս առումով

յառաջացած դիւանագիտական ջանքերը մեզի գոհունակութիւն կ՚առթեն։ Ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք որ սահմանները բացուին եւ Կովկասի շրջանը վերածուի բարեկամական միջավայրի մը եւ այս ուղղութեամբ աղօթք կ՚առաքենք առ

Բարձրեալն Աստուած որ յաջողութեամբ պսակէ դիւանագիտական ջանքերը։

Մարդոց համար անկարելին, կարելի է Աստուծոյ համար։ Եթէ կը փափաքինք այս նպատակին հասնիլ պէտք է ունենանք բարի կամեցողութիւն եւ այս բարեկամեցողութեան կցել առ Բարձրեալն Աստուած առաքուած մեր

աղօթքները։ Բարձրեալն Աստուած Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հայրենակիցներուն սրտերուն հպի, որպէսզի կարենան ըմբռնել, թէ որքան կարեւոր է լաւն ու գեղեցիկը կերտել եւ ունենալ բարի դրացիական յարաբերութիւններ։

Աստուծոյ եւ Անոր շինարար միջամտութեան վստահինք։ Մեր դրացիներուն համար կ՚աղօթենք։ Մեր դրացիներն ալ մեզի համար աղօթեն եւ այսպէսով Թուրք եւ Հայ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական կամուրջ մը հաստատուի։

Երբ կը շարունակենք ապրիլ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսի ուրախութիւնը, թող Ամենաբարին Աստուած, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, եկեղեցւոյ հին եւ նոր, ծանօթ եւ անծանօթ բոլոր սուրբերու

բարեխօսութեամբ լսէ մեր աղաչանքներուն ձայնը։ Այլեւս վերջ գտնեն աշխարհաւեր պատերազմները, մարդկային իրաւունքներու սպառնացող կռիւները։ Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհները յաւիտեան թագաւորէ ի

շինութիւն եւ ի բարօրութիւն համայն աշխարհի մարդկութեան, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան. Ամէն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın