Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը, Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. ՊատրիարքՀայրը, Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Ստանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի Ասորիհամայնքներու հոգեւոր պետ Մոր Ֆիլիւքսինոս Մետրոպոլիտը, Ստանպուլի Լատին ԿաթոլիկԵկեղեցւոյ Առաքելական Փոխանորդ Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսը Ս. ՅարութեանՏօնին առթիւ համատեղ շնորհաւորական մը հրապարակեցին։
Անոնք համատեղ շնորհաւորականին մէջ ըսին.
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Ճշմարտապէս յարութիւն առաւ:
Որպէս Թուրքիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ, մենք ուրախ ենքդիմել բոլոր հաւատացեալներուն, երբ կը տօնենք մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը: Ցաւօք, դարձեալ Արեւելեան եւ Արեւմտեան եկեղեցիներու մէջ Սուրբ Զատիկը այս տարի եւս ոչ թէնոյն օր, այլ՝ մէկ շաբթուան տարբերութեամբ պիտի նշուի։ Մենք կ’աղօթենք հնարաւորինսարագապէս որոնել այնպիսի լուծում մը, որ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն հնարաւորութիւնընծայէ նշելու համար մեր հաւատքի ամենակարեւոր տօնը միասնաբար, նոյն թուականին: 2025-ինՆիկիոյ Առաջին Տիեզերական ժողովի յառաջիկայ 1700-ամեակը կրնայ լաւ առիթ մը ըլլալ նմաննախաձեռնութեան մը համար։
«Եկէ՛ք, ստացէ՛ք լոյսը անշէջ լոյսէն եւ փառաւորեցէ՛ք յարուցեալ Քրիստոսը»։
Դեռ երէկ էր, որ մենք Քրիստոսի հետ էինք Վերնատան մէջ՝ Վերջին ընթրիքի սեղանին վրայ: Դեռերէկ էր, որ Անոր հետ էինք Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ։ Դեռ երէկ էր, որ մենք Գողգոթայի վրայէինք մեր Տիրոջ հետ: Բայց այսօր Անոր փառաւոր յարութիւնը կ՚առինքնէ մեզ, եւ մենք ոգեւորուածենք աստուածային ուրախութեամբ, որ կը լեցնէ մեր սրտերը: Այս Պասեքի օրը մենք կը մտնենքԹագաւորութեան դարպասներէն ներս: Մենք դարձած ենք նոր այրեր եւ կիներ, նորոգուած՝ Անորյաւերժական սիրոյ զօրութեամբ: Մենք այլեւս վախնալու կարիքը չունինք: Եկէք նմանինքՔրիստոսին, քանի որ Ան ընտրեց մեզի նմանիլը: Ինչպէս Սուրբ Պօղոս գրած է Եփեսացիներուն. «… մեզ կենդանացուց Քրիստոսով… Անոր հետ յարութիւն տուաւ մեզի եւ Անոր հետ նստեցուց երկնայինտեղերուն մէջ» (Եփես. 2.5-6): Այս ոգիով մենք Զատիկին պէտք է յիշենք, թէ ինչո՞ւ մենք քրիստոնեայենք, ինչո՞ւ կը հետեւինք Քրիստոսին, ինչո՞ւ ամէն օր խաչ կը կրենք մեր կեանքին մէջ, երբ կըհետեւինք անձնազոհ Տիրոջ «աշխարհի կեանքի համար»:
Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը սկսաւ Բեթղեհէմի քարայրին մէջ եւ աւարտեցաւ դատարկգերեզմանով՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան պայծառ ճշմարտութեան մէջ: Յարութիւնը կանգնած էժամանակի եւ պատմութեան շրջադարձային կէտին վրայ: Այսօր, սակայն, այս հրաշալի եւաստուածային իրադարձութիւններու ականատես սուրբ վայրերը կը պայքարին քրիստոնէութեանծննդավայրին մէջ ոչ միայն յուշարձանները, այլեւ Աստուածաշունչի իւրայատուկ ոգին պահպանելուեւ պաշտպանելու համար: Ուստի, երբ մենք կ’ուրախանանք յիշելով «Անոր փրկարար սէրը եւկենսատու խաչը, անոր թաղումը եւ երրորդ օրուան յարութիւնը, անոր համբարձումը եւ ՀայրԱստուծոյ աջ կողմը նստիլը», Թուրքիոյ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ Ս. Երկրիմէջ գտնուող մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը յիշենք եւ անոնց համար կ’աղօթենք եղբայրականսիրով։Ինչպէս գրած է Ս. Պօղոս. «Այս բոլորէն վեր, թող ըլլայ սէրը՝ որ կապն է կատարելութեան» (Կող. 3.14):
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,
Այսօր մենք ստացանք հաւատքի Լոյսը: Մենք կը կիսենք այս Լոյսը աշխարհի մը հետ, որ կ’ապրիյաւերժ վախի մէջ: Այս դժուարին ժամանակներուն մենք կ’աղօթենք ամբողջ աշխարհիխաղաղութեան համար: Յարութեան Աւետիսը յոյսի, խաղաղութեան եւ «վախը վանող կատարեալսիրոյ ուղերձն է» (Ա. Յովհաննէս 4.18): Փրկութեան այս ուղերձը այն արժէքն է, որ նաեւ կը մղէմիասնութեան, որ է մեր ուժեղ ցանկութիւնը:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Ճշմարտապէս յարութիւն առաւ»:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun