Քաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, 22 Ապրիլ 2018, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին այցելեցին Պատրիարքարանեւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Տիկիններու աւանդական այցելութիւնը սկսաւ աղօթքով, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը բարիգալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց Ս. Յարութեան Տօնը։ Անդրադարձաւ թագաժահրիհամավարակի պատճառաւ ակամայ երկարատեւ լռութեան շրջանէ ետք, կրկին մէկտեղուելունառթած ուրախութեան։ Գնահատանքով արտայայտուեցաւ կանանց համայնքային կեանքէ ներսունեցած կարեւոր դերերուն մասին։ Մաղթեց որ յետ այսու զանազան հաւաքոյթներով կատարուինխորհրդակցութիւններ եւ կիներու գործունէութեան դաշտը աւելի ընդարձակուի։
Տիկինները Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին, քանի որ Իրտնօրինութեամբ համացանցի կարելիութիւնները օգտագործուած էին եւ Պատրիարքական Աթոռիկայքէջէն ժողովուրդը առիթը ունեցած էր կիրակնօրեայ արարողութեանց հետեւելու, մանաւանդկատարուած բովանդակալից քարոզխօսութիւններով հաղորդ դառնալու Աստուծոյ Խօսքին եւ մերաւանդութիւններուն, եւ այս բոլորը մխիթարութեան առիթներ կ՚ընձեռէին հաւատացեալներուն։
Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց մայրենի լեզուի կարեւորութիւնը եւ լաւագոյնդաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը։ Յիշեցուց, թէ մայրենի լեզուին անծանօթ մնացածհաւատացեալները եւս իրաւունք ունէին իրենց պատկանած եկեղեցիէն հոգեւոր սնունդ ստանալուեւ որպէսզի այդ կեանքի կոչուէր եկեղեցին սփիւռքի պայմաններուն մէջ կը ստիպուէր գործածելտեղական լեզուները եւ շարունակեց ըսելով. «Այսպիսի հաւատացեալ անհատները մեր եկեղեցւոյփարախին մէջ պահելը սեր եկեղեցւոյ առաջնահերթ պարտականութիւնն է։ Հետեւաբար իրաւունքչունինք փախուստ տալու այս պատասխանատուութենէն։ Որովհետեւ անոնք եթէ հոգեւոր սնունդչստանան իրենց եկեղեցիէն, հարկադրաբար կը դիմեն այլոց։
Ապա տիկիններ իրենց ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին աւանդական սոյնընդունելութեան համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր օրհնութիւնը տալէ յետոյ բաժնեց Զատկուանհաւկիթներ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun