İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔ ՖԵՆԵՐԻ ՄԷՋ

Յոյն Եկեղեցին, 21 Ապրիլ 2022, Հին Տոմարով Աւագ Հինգշաբթիին, ըստ իր աւանդութեան, կատարեց Միւռոնի օրհնութիւն։

Նոյն առթիւ, Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը հրաւիրած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, զինք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Ն.Ա. Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Բաց աստի Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորական նամակ մը ուղարկեց Պարթոլոմէոս Պատրիարքին։

Նորին Ամենապատուութիւնը առաւօտուն Ֆեների Այիոս Եորկիոս (Ս. Գէորգ) Պատրիարքանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագին եւ միւռոնօրհնէքի արարողութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետին կ’ընկերանային Աթոռոյս միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։ Ներկայ էին նաեւ Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Ս. Եպիսկոպոսը, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Ս. Մետրոպոլիտը, բազմաթիւ մետրոպոլիտներ, վարդապետներ եւ դիւանագիտական դէմքեր։

Ս. Պատարագը մատոյց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Հաւատոյ Հանգանակը կարդաց Յունաստանի Հասարակական Կարգի Պահպանման Նախարարը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, բոլոր մետրոպոլիտներուն փոքր սրուակներու մէջ բաժնուեցաւ նոր միւռոնը։

Եկեղեցական արարողութենէ ետք, Հիլթոն հիւրանոցի մէջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան։ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը այստեղ յայտնեց, թէ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուած նախորդ Միւռոնօրհնութեան մասնակցած էր, հրաւէրովը՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։ Առ այդ, ինք եւս փոխարինելով՝ եղբայրական հրաւէրին, այս արարողութեան առթիւ հրաւէր ուղղած էր Վեհափառ Հայրապետին։ Թէեւ Նորին Սրբութիւնը չէր կրցած մասնակցիլ այս արարողութեան, սակայն տնօրինած էր, որ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը մասնակցէր յանուն Մայր Աթոռոյ։ Այս առիթով, Պարթոլոմէոս Պատրիարքը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, որ թէ՛ ներկայացուց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ թէ՛ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։ Այս առթիւ, իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց նաեւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին։

http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın