ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նախ՝ քիչ մը պատմութիւն:
1860-ը, մեզի համար դարձաւ գիտակցութեան թուական մը: Ազգային Զարթօնք՝ եթէ կ՚ուզէք, որովհետեւ ունեցանք մեր ազգային Սահմանադրութիւնը: Եւ հակառակ պատմական չարաշուք դէպքերու, Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան իբրեւ ռահվիրայ մտաւորականներ, ամբողջական մեր խաւարը ճեղքելու խոյանքով մը, աշխարհաբարին տուին ապահով եւ վճռական զարգացում:
Զանազան սուլթաններու օրով, երբ հայութիւնը Պոլսոյ մէջ ներքին որոշ ազատութիւններ կը վայելէր, երբ կամաց-կամաց կը բազմանար հայ վարժարաններու ցանցը, երբ հայ մամուլը իր կարգին կը ժողովրդականանար, նոյն միջոցին էր, որ ի յայտ կու գար մեր աշխարհաբար նոր լեզուն, որ ապա տարիներու յղկումով պիտի դառնար ընտիր եւ անզուգական եւ որուն շնորհիւ ազգային մեր կեանքն ալ պիտի սկսէր վերամշակուիլ:
Այդ օրերուն, հայ գրողն էր, որ մամուլի էջերուն կը յանձնէր իր պոռթկումները, հոգեկան իր դառնութիւնները, ազգային ցաւերը, երեւակայութիւններն ու յուզումները, սէրերն ու անէծքները շատ պարզ լեզուով մը, յանդգնութեամբ եւ համարձակութեամբ: Ու շնորհիւ պոլսահայ մամուլին, այս նոր ստեղծուած գրականութիւնն էր, որ մեզի բերաւ մեր ազգային Զարթօնքը:
«Արեւելք», «Հայրենիք» եւ շատ միւսները, եղան ռահվիրաները նոր աշխարհաբարի մաքրութեան: Տուն տեղ տուին մեր նոր լեզուին, զայն մաքրեցին ու մաքրագործեցին: Օտեանէն, Ռուսինեանէն եւ Թիւթիւնճեանէն ետք, Գրիգոր Զօհրապ, Վարուժան, Սիամանթօ, Երուխան, Արփիարեան, Բաշալեան, Կիւրճեան եւ ուրիշներ, իրենց արձակ եւ չափածոյ տողերու գրականութեամբ, մշտական ներկայացուցիչները եղան մեր նոր աշխարհաբարին: Ասոնք մարդիկ էին, որոնք հայ հոգիին վերածաղկման ճամբան հարթեցին: Մարդիկ էին, որոնք իրենց գործածած արձակով գտած էին այդ հոգին եւ որոնք նոյն այդ արձակը դարձուցած էին իրենց մտածումներուն գեղեցիկ եւ հարազատ արձագանգը: Ասոնք, բոլորն ալ արեւմտահայերէնը դարձուցին ոչ միայն պատկերաւոր, ինքնայատուկ եւ իմաստալից, այլ՝ մեր ազգային կեանքի մեքենան, մեր ազգային գիտակցութեան բանալին, մեր համոզման ու նուիրումի ուղղեցոյցը:
Քաղաքական թերթեր դարձան մէկական գրական թերթեր ու մեր պոլսահայ կամ արեւմտահայ կոչուած գրականութիւնը, ծաղկեցաւ լրագրութեան սիւնակներուն մէջ: Ահա այս ձեւով էր, որ հայ գրականութիւնը ապրեցաւ ինքնագիտակցութեան զարթօնքի երանելի շրջան մը: Ապա, Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին, երբ բոլոր հայ գրիչները Պոլիս վերադարձան, շարունակեցին իրենց սրբազան գործ ու առաքելութիւնը: Անոնք բոլորն ալ հաւաքապաշտ ձգտումով, կրկին անգամ իջան ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մէջ, զննեցին շրջապատը եւ իրապաշտ նկարագրութեամբ պատկերեցին հայ կեանքի ուրախ եւ տխուր կողմերը: Ասոնք բոլորն ալ իրենց դիտողի, դատողի եւ քանդակողի յատկութիւններով եղան քննադատող, պայքարող, նրբամիտ, խիզախ, վճռակամ եւ որոնք ճշգրտօրէն պատկերացուցին օրուան մեր կեանքը:
Ու այդ օրերու մամուլին շնորհիւ հրամցուած այս ա՛յն արձակն էր, որ հայուն բերաւ ընկերային եւ գրական գիտակցութիւն:
Այս առթիւ, կ՚արժէ լոյսին բերել 20-րդ դարու առաջին տասնամեակին պոլսահայ մամուլի մաս կազմող սպասարկու լրագիրներու անունները, որոնք արդէն չկան, իրենց տնօրէններուն, արտօնատէրերուն եւ խմբագիրներուն հետ ապրիլեան զոհ գացած են եւ պատմութեան անցած եւ որոնց արձակին, յատկապէս այս օրերուն, այնքան կարօտը ունինք: Արձակ մը, որ դարձած էր իր ժամանակին տէրը, իր իրապաշտ նկարագրութեամբ եւ որուն մէջ կար հարազատ ապրում եւ որուն շնորհիւ Պոլիսը ստեղծեց իր գրական աշխարհն ու յատուկ լեզուն:
***
Ստորեւ, Պոլսոյ մէջ 1910-ին լոյս տեսած «օրացոյց»է մը վերցելնելով, եւ իրենց հակիրճ տեղեկութիւններով, եւ առ ի գիտութիւն, կը ներկայացնեմ (պահելով բնագիրները), դար մը եւ աւելի առաջ պոլսահայ մեր մամուլի ներկայացուցիչներուն ցանկը՝ իրենց այբուբենի կարգով:
ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ – Օրաթերթ – Արտօնատէր եւ խմբագրապետ՝ Ռուբէն Զարդարեան: Սկսած է հրատարակուիլ՝ 10 յունիս, 1909: Խմբագիրներ/աշախատակիցներ՝ Գեղամ Բարսեղեան, Է. Ակնունի, Սիամանթօ, Գասպար Իբէքեան – Օրկան՝ Հ.Յ.Դ.:
ԱԶԴԱԿ – Շաբաթաթերթ, գրական, հասարակական, քաղաքական – Արտօնատէր՝ Ալեքսան Միրաքեան: Սկսած է հրատարակուիլ՝ 10 Յյունիս, 1909: Խմբագիրներ՝ Գեղամ Բարսեղեան, Շաւարշ Միսաքեան:
ԱՌԱՒՕՏ – Շաբաթաթերթ, գրական, հասարակական, քաղաքական – Արտօնատէր՝ Միսաք Սուրեան – խմբագրապետ՝ Երուանդ Անդրէասեան: Սկսած է հրատարակուիլ՝ 26 սեպտեմբեր, 1909։
ԱՐԵՒԵԼՔ – Օրաթերթ – Սկսած է հրատարակուիլ՝ 2 յունիս, 1884 – Արտօնատէր՝ Ս. Տամատեան, իսկ 1906-ին՝ Երուխան (Երուանդ Սրմաքէշխանլեան):
ԱՒԵՏԱԲԵՐ – Շաբաթաթերթ, կրօնական, ուսումնական, ընտանեկան եւ քաղաքական:
ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆ – Օրաթերթ – Արտօնատէր՝ Բիւզանդ Քէչեան – հիմնուած՝ 4 նոյեմբեր, 1896: Խմբագիրներ՝ Պարոյր եւ Աշոտ Բ. Քէչեան:
ԳԱՂԱՓԱՐ – Օրաթերթ՝ կը հրատարակուէր ամէն իրիկուն: 20 օգոստոս, 1909: Արտօնատէր՝ Սմբատ Բիւրատ: Խմբագիր՝ Վահան Թօշիկեան:
ԳԱՐՈՒՆ – Ազատ լրագիր, ազգային, քաղաքական եւ գրական: 10 յունուար, 1909: Արտօնատէր՝ Յովնան Գ. Փաթագաշեան: Խմբագիր՝ Ենովք Արմէն:
ԺԱՄԱՆԱԿ – Սոյն ցանկին մէջ միակ օրաթերթն է, որ տակաւին «կը շնչէ»: Ժողովրդական օրաթերթ, ազգային, քաղաքական, երական: 15 հոկտեմբեր 1908։ Արտօնատէր եւ խմբագրապետ՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներ: Խմբագիրներ՝ Արտաշէս Գալփաքճեան, Սիմոն Չէօմլէքճեան, Արմենակ Տէր-Յակոբեան:
ԼԻԼԱ – Երգիծաթերթ, ազգային, քաղաքական եւ կնիկական: Սկսած է հրատարակուիլ՝ 26 յունիս, 1909: Կը հարատակուէր շաբաթը միայն երեք անգամ: Արտօնատէր եւ խմբագրապետ՝ Վահան Փափազեան: Թերթին կեանքը՝ միայն քանի մը թիւ:
ԽԱՐԱԶԱՆ – Խմբագրութեամբ նախ՝ Արամ Անտոնեանի եւ ապա Երուանդ Օտեանի: Սկսած է 1909-ին եւ միայն 9 թիւ հրատարած:
ԾԻԱԾԱՆ – Կիրակնօրեայ թերթ – Սկսած է հրատարակուիլ՝ 2 յունիս, 1909-ին: Արտօնատէր եւ խմբագրապետ՝ Աւետիս Ա. Սուրէնեան:
ԿԱՎՌՕՇ – Ամէնօրեայ երգիծաթերթ, ազգային, քաղաքական եւ կնիկական: Արտօնատէր եւ խմբագրապետ՝ Երուանդ Թոլայեան (Կավռօշ):
ԿԻԿՕ – Երգիծաթերթ, ազգային, քաղաքական: 1 ապրիլ, 1909: Արտօնատէր եւ խմբագրապետ՝ Գրիգոր Թորոսեան:
ԿՈՀԱԿ – Շաբաթաթերթ, գրական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային: 30 մայիս, 1909: Արտօնատէր՝ Հմայեակ Արամեանց, իսկ խմբագիր՝ Գրիգոր Եղիկեան:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Խմբագրապետ՝ ողբացեալ Արփիար Արփիարեան, աւագ խմբագրապետութեամբ՝ Լեւոն Բաշալեան, աւագ աշատակից՝ Արշակ Չօպանեան: Ապա 13 տարի խափանուած մնալէ ետք 6 յուլիս, 1909-ին կը վերահրատարակուի (առտուները): Արտօնատէր եւ խմբագրապետ՝ Յովհաննէս Շահնազար: Խմբագիրներ՝ Վահան Թէքէեան, Երուանդ Օտեան, Յովհաննէս Գազանճեան:
ՁԱՅՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ – Շաբաթաթերթ, քաղաքական եւ գրական: 23 հոկտեմբեր, 1908: Արտօնատէր՝ Երուանդ Չավուշեան: Խմբագրապետ՝ Լեւոն Լարենց: Աշխատակիցներ՝ Ալփասլան, Ա. Գնունի, Վ. Արզուեան, Ե. Գօլանճեան եւ ուրիշներ: Օրկան՝ Վերակազմեալ Հնչակեաններու:
ՃԷՐԻՏԷ ՇԱՐԳԻՅԷ – Հայատառ-թրքաբարբառ – լրագիր, կը հրատարակուի իրիկունները: Արտօնատէր եւ խմբագրապետ՝ Յովհաննէս Թօլայեան: Սկսած է հրատարակուիլ՝ 25 յունիս, 1884-ին:
ՆՈՐ ՀՈՍԱՆՔ – Շաբաթաթերթ, հասարակական, քաղաքական, տնտեսական եւ գրական: Նշանաբանն է եղած – «Բոլոր երկիրներու գործաւորներ՝ միացէ՛ք»: 28 մարտ, 1909: Արտօնատէր՝ Գարեգին Կոզիկեան, խմբագիր՝ ինք եւ Հրանդ Արծուիկ:
ՇԻՐԱԿ – Շաբաթական, հանդէս գրական եւ քաղաքական: 7 փետրուար, 1909-ին կը սկսի հրատարակուիլ թերթին Գ. շրջանը: (Ա. եւ Բ. շրջանք՝ ամսաթերթ յԵգիպտոս): Հիմնադիրներ՝ Միքայէլ Կիւրճեան եւ Վահան Թէքէեան: Խմբագրապետ՝ Վ. Թէքէեան:
ՍԱՍՈՒՆ – Պատկերազարդ ամսաթերթ, գրական, բանասիրական, մանկավարժական եւ քաղաքական: Արտօնատէր եւ խմբագրապետ՝ Տիգրան Սիւրմէեան: 1 մարտ, 1909:
ՕՐԱԳԻՐ – Քաղաքական եւ գրական լրագիր: 15 օգոստոս, 1909: Սակայն 16 թիւ յաջորդաբար հրապարակ ելլելէ ետք, թերթը 14 սեպտեմբեր, 1909-ին, կը վերածուի «կիրակնօրեայ»ի: Արտօնատէր՝ Գառնիկ Թուղլաճեան: Խմբագիրներ՝ Երուանդ Տ. Անդրէասեան եւ Յակոբ Տէր-Յակոբեան:
***
Այս բաժինը, Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք երեւցող եւ սակայն կարճատեւ կեանք ունեցող թերթերու ցանկն է: Թերթեր, որոնք լոյս տեսած էին իբրեւ գրական եւ կամ քաղաքական օրաթերթ, երգիծաթերթ, վաճառականական, կամ հայ-թուրք շաբաթաթերթ եւ կամ՝ կրօնաթերթ, եւ այլն:
«ԶԻԿԶԱԿ» – «ՊԱՅՔԱՐ» – «ԱՒԱՐԱՅՐ» – «ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՔՆԱՐ» – «ՁԱՅՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ» – «ՍՈՒՐՀԱՆԴԱԿ» – «ԱՐԱՔՍ» – «ԾԱՂԻԿ» (Ե. Օտեան) – «ՆՈՐ ՕՐ» (Գ. Զօհրապ) – «ՏԱՃԱՐ» – «ԵՐԿՐԻ ՁԱՅՆ» – «ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿ» – «ՓԻՒՆԻԿ» (Սմբատ Բիւրատ) – «ԿԻԼԻԿԻԱ» – «ՓՈՒՆՋ»:
***
Արդ, իբրեւ սրբազան պարտականութիւն, յատկապէս այս օրերուն, մեզի կ՚իյնայ մեր մայրենի լեզուն մաքուր եւ անբիծ պահել, եւ անոր կողքին, մեր մամուլը ծաղկեցնել, որպէսզի ծաղկած մնայ հայու մեր ոգին ու միտքը:
İlk yorum yapan siz olun