Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս ամառ պիտի վերականգնէ՝ ամբողջական ծաւալով իր գործունէութիւնը։ Վերջին տարիներուն, քորոնաժահրի համավարակին հետեւանքով Կազդուրման կայանը ամրան շրջանին չէր կրցած ծառայել իր բուն առաքելութեան։ Այս տարի՝ կայանի 56-րդ շրջանին, մեր համայնքի 6-15 տարեկան տղաքը դարձեալ պիտի կարենան օգտուիլ անոր ծառայութիւններէն՝ առանց սահմանափակումի, գիշերօթիկ ձեւով։ Ընկերային գործունէութիւններն ալ պիտի շարունակուին ամբողջ թափով։
Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները որոշած են այս շրջանին եւս Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի պատասխանատուութիւնը յանձնել Արի Չոլաքի կողմէ գլխաւորուած խումբին, որ համավարակի շրջանին մեծ եռանդ գործադրած էր, որպէսզի կայանի ձգողականութիւնը շարունակուի մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն տեսակէտէ։ Այս ամառ ալ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհին պիտի ըլլայ Լիզա Չոլաքօղլու, որ եւս նուիրումով կ՚աշխատի վերջին տարիներուն։
Կազդուրման կայանը երկար տասնամեակներէ ի վեր ամրան արձակուրդի իսկական բոյն մը կը հանդիսանայ՝ մեր համայնքի համեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակներուն համար։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/20-04-2022-կազդուրման-կայանը-այս-ամառ-կը-գործէ-լիարժէք
İlk yorum yapan siz olun