Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա անկեղծօրէն յառաջ կը տանի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։
Նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած իֆթարի ընթացքին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ մեկնեցաւ մայրաքաղաք Անգարա, ուր մասնակցեցաւ Էրտողանի ներկայութեամբ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին, որ սարքուեցաւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնատեղիէն ներս։ Հանդիսաւոր այս հաւաքոյթը ունէր աւանդական բնոյթ՝ քանի արդէն 13-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Փոխ-կուսակցապետ Էֆքան Ալայի վերահսկողութեան ներքեւ, կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ընթրիքը։ Անգարայի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն համար նախատեսուած էր այս սեղանը, որու շուրջ համախմբուելու հրաւիրուած էին նաեւ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Սեղանակիցներու կարգին էր ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամներէն՝ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
Ընթրիքի սկիզբին նախագահ Էրտողան ձեռնուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ եւ ողջունեց անոր ներկայութիւնը։ Երեկոյթի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը առիթն ունեցաւ զրուցելու նախարար Չավուշօղլուի եւ փոխ-կուսակցապետ Ալայի հետ։
Նախագահ Էրտողան երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ միջազգային հրատապ օրակարգի նիւթերու վերաբերեալ թրքական կողմի մօտեցումներուն, ինչպէս նաեւ Անգարայի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն։ Ան այս ամբողջին մէջ կանգ առաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վրայ։ «Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրումով՝ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է։ Մեր հարեւան Հայաստանի հետ բնականոնացման գործընթացը անկեղծօրէն յառաջ կը տանինք, որպէսզի այդ հնարաւորութիւնը չմսխուի», նշեց նախագահը։
Ուղեւորութեան ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր որպէս գաւազանակիր ընկերացաւ՝ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը իֆթարէն վերջ գիշերեց մայրաքաղաքին մէջ, ուրկէ այսօր օդային ճամբով կը վերադառնայ իր Աթոռը։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F19-04-2022-հանդիսաւոր-հաւաքոյթ
İlk yorum yapan siz olun