İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՔՓԱՐԹԻԻ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԻՖԹԱՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 18 Ապրիլ 2022, Երկուշաբթի մեկնեցաւ Անգարա, ուր ընդառաջելով Աքփարթիի (Արդարութեան եւ Զարգացման Կուսակցութիւն) Նախագահի օգնական Էֆքան Ալայի հրաւէրին, մասնակցեցաւ աւանդական դարձած 13րդ իֆթարին։

Օրուան կազմակերպիչն էր Աքփարթիի Արտաքին Յարաբերութիւններու Վարչութիւնը։

Իֆթարը տեղի ունեցաւ կուսակցութեան կեդրոնին մէջ, գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի։ Մասնակցեցան դեսպաններ եւ համայնքներու պետեր։

Մեր Հոգեւոր Պետը իֆթարի ընթացքին զրուցեց Նախագահ Վսեմ. Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, Արտաքին Գործոց Նախարար Մէվլութ Չավուշօղլուի, Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի անդամ Էֆքան Ալայի հետ։ Ներկաներու մէջ էր նաեւ Կեդրոնական Որոշումներու Վարչութեան անդամ Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Սոյն այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանար գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը վաղը կը վերադառնայ Աթոռ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın