ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍԸ ԱՊՐԻ՛Լ՝
ՈՐՊԷՍ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԵՑՈՅՑ
Քրիստոսի հետ ապրած, անոր երկրաւոր կեանքի բոլոր դրուագներուն հաղորդակից դարձած, անոր ուսուցումները լսած ու հրաշքներուն ականատես եղած աշակերտներուն համար խորապէսցնցիչ դէպք մըն էր Քրիստոսի յարութիւնը։ Անոնք տակաւին չէին կրցած լիովին ըմբռնել յարութեանխորհուրդը։ Յարութեան դէպքէն որոշ ժամանակ ետք միայն, առաքեալները սկսան հասկնալ ուՔրիստոսի հետեւորդներուն բացատրել յարութեան դէպքին իւրայատուկ նշանակութիւնը՝յատկապէս շեշտելով անոր առանցքային կարեւորութիւնը քրիստոնեայ մարդու կեանքին մէջ եւ կոչուղղելով ապրելու յարութեան խորհուրդն ու իմաստը։
Քրիստոսի յարութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն, անհրաժեշտ է հետեւեալ կարեւորյիշեցումները կատարել.-
– Քրիստոսի յարութիւնը՝ հիմքն է մեր հաւատքին։ Պօղոս առաքեալ շեշտակիօրէն կը հաստատէ եւկը յիշեցնէ նորադարձ քրիստոնեաներուն, թէ՝ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար մեր հաւատքըպիտի կորսնցնէր իր հիմքն ու իմաստը (Կր 15.13)։ Յարութիւնն էր որ Աստուծոյ Որդւոյնուսուցումներուն ու հրաշքներուն եւ ընդհանրապէս անոր երկրաւոր առաքելութեան իմաստն ունպատակը պարզեց։ Արդ, առանց յարութեան կարելի չէ հասկնալ Քրիստոսի մարդեղութիւնը եւմարդու փրկութիւնը, որուն համար աշխարհ եկած էր Աստուծոյ Որդին։
– Քրիստոսի յարութիւնը՝ յաղթանակն է կեանքին։ Կեանքը, Աստուծոյ պարգեւը մարդուն, ապականած էր Ադամի մեղքով եւ անոր յաջորդող սերունդներուն մարդակեդրոն կենցաղակերպով։Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած էր այլափոխելու մեղքով ու ապականութեամբ շաղախուած մարդուկեանքը, եւ զինք օժտելու նոր կեանքով։ Իր խաչով ու յարութեամբ Քրիստոս յաղթեց մահուան եւմարդուն պարգեւեց աստուածատուր կեանքը վերստին ապրելու շնորհքը։ Քրիստոսի յարութեամբ, մարդը զինուեցաւ մահէն դէպի կեանք ընթանալու հաւատքի ու յոյսի զօրութեամբ։ Առաքեալը կըվկայէ թէ՝ Աստուած մարդը “վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով” (Եփ 2.5)։ Նոյն առաքեալը նաեւ կըհաստատէ, թէ իրեն համար կեանքը Քրիստոս է։
– Քրիստոսի յարութիւնը՝ հրաւէր է Աստուծոյ հետ հաշտութեան։ Աստուած առաջին մարդը իրենգործակից նշանակած էր, զինք օժտելով բանականութեամբ ու կամքի ազատութեամբ, եւ անորտալով տիեզերքը կառավարելու եւ առաւել հարստացնելու պարտականութիւնը։ Սակայն, մարդըհաւատարիմ չէր գտնուած իր կոչումին եւ հեռացած Աստուծմէ։ Աստուծոյ Որդին իր մարդեղութեամբու առաքելութեամբ մարդը մօտեցուց Աստուծոյ եւ հայր եւ որդիի փոխյարաբերութեան ուխտըկնքեց Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ. առաքեալին բառերով՝ “Աստուած իր Որդիին մահով մեզ իր հետհաշտեցուց” (Հռ 5.10)։ Առաքեալը ապա կոչ կʼուղղէ ըսելով՝ “հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ, որովհետեւԱստուած մեզի համար մեղքի պատարագ ըրաւ Քրիստոսը” (Բ.Կր 5.20-21)։
– Քրիստոսի յարութիւնը՝ Ճանապարհ է փրկութեան։ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը անկեալմարդուն փրկութիւնն էր, անառակացած մարդուն վերադարձը իր երկնաւոր Հօր, մահացածմարդուն նոր կեանք պարգեւել էր։ Խաչի զօրութեամբ ու յարութեան յաղթանակով Քրիստոսմարդուն առջեւ բացաւ փրկութեան ճանապարհը։ Պօղոս Առաքեալ իր կեանքի փորձառութեամբ կըվկայէ թէ՝ “պիտի փրկուինք Քրիստոսի կեանքով” (Հռ 5.10)։
Արդ, քրիստոնեայ մարդը կոչուած է ոչ միայն Քրիստոսը դաւանելու որպէս միակ Փրկիչըաշխարհին, այլ՝ մարդուն համար խաչով յարութիւն կերտած յարուցեալ Քրիստոսը ապրելու։Առաքեալը կը հաստատէ՝ “ինծի համար կեանքը Քրիստոս է” (Փլմ 1.21) եւ կʼաւելցնէ՝ “ես չէ որկʼապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կʼապրի իմ մէջս” (Գղ 2.20)։
Ի՞նչ կը նշանակէ Քրիստոսը ապրի՛լ՝ որպէս կեանքի ուղեցոյց ու նպատակ։
Քրիստոսը ապրիլ՝ հաւատարիմ ըլլալով Աստուածաշունչին, անոր ուսուցումներուն ու արժէքներուն։
Քրիստոսը ապրիլ՝ զինք մեր մտածումներուն ու գործերուն առանցքը դարձնելով։
Քրիստոսը ապրիլ՝ օգնելով կարիքաւորին ու զրկեալին եւ ծառայելով ուրիշին։
Քրիստոսը ապրիլ՝ որպէս “ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք”, ինչպէս Քրիստոս բնութագրեցինքզինք (Յհ 14.6)։
Ա՛յս է քրիստոնեայ ըլլալու ճշմարիտ կերպը, ճի՛շդ ճամբան։
Կʼապրինք չարով ու չարիքներով լեցուն աշխարհի մը մէջ։ Շրջապատուած ենք մարդու կեանքէնԱստուծոյ ներկայութիւնը հեռացնող տեսանելի եւ անտեսանելի երեւոյթներով։ Բազմաթիւդժուարութիւններով տիրապետուած է մեր կեանքը։ Չմոռնանք առաքեալին յիշեցումը, թէ՝ Քրիստոս”իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէսզի Աստուծոյ՝ մեր Հօրը կամքով մեզ ազատէ ներկայչար աշխարհէն” (Գղ 1.4)։ Արդ, ներկայ ժամանակներու դառն պայմաններուն դիմաց, պէտք էզինուինք Քրիստոսի յարութեան հաւատքով ու յոյսով։ Ներկայ փոթորկայոյզ աշխարհին մէջՔրիստոսը պէտք է ապրինք, որպէս մեր կեանքին միակ ուղեցոյցը ու ապաւէնը։
Ա՛յս է Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն հնչող պատգամը։
***
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով կʼողջունենքՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներովերկար գահակալութիւն։ Կʼողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, իրենց մաղթելով բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։
Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կʼողջունենք Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, Հոգեւոր Դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մերժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալժողովուրդը։ Կʼաղօթենք առ Աստուած, որ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէՀայաստանն ու Արցախը եւ մեր ազգին սիրելի զաւակները, որպէսզի կարենանք, ՅարուցեալՓրկչին յաղթանակով հզօրացած, վերանորոգել մեր կեանքը եւ դիմագրաւել ներկայժամանակներու բազմազան մարտահրաւէրները։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Սուրբ Զատիկ 2022
Անթիլիաս, Լիբանան
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun